«Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ հաճելի էր հանդիպիլ դաշնակահարուհի եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Ռիթա Աղտամլեան – Ասիլեանի հետ:
«Դաշնակ սկսած եմ նուագել փոքր տարիքէս։ Սկզբնական շրջանին՝ անձնական դասընթացներով, իսկ երբ պատերազմի տարիներուն մեկնեցանք Ֆրանսա, ուսումս շարունակած եմ այնտեղ: Արդէն 28 տարի է Լիբանանի մէջ դաշնակի անձնական դասեր կու տամ. ունիմ 42 աշակերտ` 7-19 տարեկան»:
Տարի մը առաջ էր, երբ Ռիթայի ոչ-հայ աշակերտներէն մեծ խումբ մը հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, համերգ մը տուաւ Պէյրութի մէջ ուր ոչ-հայկական երիտասարդ մատներ նուագեցին հայկական եղանակներ: Հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր, որ ՀՀ Սփիւռքի բծախնդիր նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ուշադրութենէն չէր վրիպած եւ օրին ան պարգեւատրեց իւրաքանչիւր մասնակից:
Ուրախութեամբ իմացանք, որ շուտով Ռիթայի աշակերտներէն ներկայացուցչական խումբ մը ՝ թիւով 10 աշակերտ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր աշակերտներէն տասն պիտի մեկնին Հայաստան յառաջիկայ Յուլիս 4-ին, համերգ մը տալու համար Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ, ուր դարձեալ ոչ հայ մատներ պիտի նուագեն Հայ երաժիշտներու գործեր:
«Ձեռնարկին նպատակն է ամրապնդել Լիբանան-Հայաստան մշակութային կապերը», ըսաւ մեր հիւրը: «Գաղափարը յղացաւ Լիբանանի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Ձեռնարկը պիտի հովանաւորեն ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւնները: Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանը». մեզի տեղեկացուց Տիկ. Ասիլեան:
«Առաքելութիւնս համարած եմ լիբանանեան շրջանակի մէջ Հայկական մշակոյթ տարածել, որուն մէկ կարեւոր անդրադարձը պիտ հանդիսանայ այս ձեռնարկը: Ես կը հաւատամ, որ Հայ ժողովուրդը գոյատեւած է, որովհետեւ ստեղծագործած է եւ ոչ միայն ստեղծագործած է, այլ ան իր ստեղծագործութիւնները փոխանցած է աշխարհին, որպէս մարդկային մշակոյթի մէկ կարեւոր մասնիկ», եզրափակեց մեր յարգելի հիւրը:
Մեր կողմէն աւելցնենք, որ սոյն ձեռնարկը կը համընկնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան 70-ամեակին:
«Խմբ.»