Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ, Ապրիլ 26-ին, տեղի ունեցաւ ամէնամեայ «Ծաղկահաւաք» նախաձեռնութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հասարակական, միջազգային, մասնաւոր ու պետական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ, ուսանողներ եւ կամաւորներ:
Մասնակիցները անմար կրակին մօտ բերուած ծաղիկները հաւաքեցին, ցօղունը անջատեցին ծաղկաթերթերներէն: Ցօղունէն պարարտանիւթ կը պատրաստուի, իսկ ծաղկաթերթերը կ՛օգտագործուին վերամշակուած թուղթ պատրաստելու համար: Յատուկ արհեստագիտութեամբ պատրաստուած ձեռակերտ թուղթը կը նուիրաբերուի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Ըստ «Նիուզ»-ի՝ «Ծաղկահաւաք» ամէնամեայ նախաձեռնութեան, այս տարի մասնակցեցան ՀԲԸՄ Հայաստանի սկաուտական խումբը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC): «Ծաղկահաւաք»ը տեւեց մինչեւ ժամը 18:00: