Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ, 2017-ի յետ միջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամները, երկխօսութիւն ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան:
Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց երիտասարդները։ Անոնք առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան, որ այս Սուրբ Աթոռին ճամբով լիբանանեան համայնքը առիթը ունեցաւ մօտէն ճանչնալու հայութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, առաջին հերթին ողջունեց անոնց ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ գնահատեց հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան նկատմամբ իրենց ունեցած հետաքրքրութիւնն ու յարգանքը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը միշտ կապուած մնացած է արդարութեան եւ Լիբանանի անկախութեան։ Այսօր եւս, ան կը շարունակէ նոյն ոգիով գործել՝ փորձելով խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատել ամբողջ Լիբանանի մէջ»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց երիտասարդութեան դերակատարութիւնը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերութեան կեանքին մէջ՝ յայտնելով թէ «երիտասարդութիւնը արիւնն է իր պատկանած ընկերութեան: Աշխարհի մեծագոյն յեղափոխութիւնները երիտասարդական ու ուսանողական շրջանակներէն ծնունդ առած են եւ գնահատելի է, որ այսօր լիբանանեան կուսակցութիւնները կարեւորութիւն կու տան երիտասարդութեան, ինչ որ կ՚ընէ նաեւ եկեղեցին, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ապագային չէ որ կը պատկանի, այլ՝ ներկային»:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ 102 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդը ջարդող նոյն ցեղասպան թուրքին կողմէ ջարդուեցան նաեւ լիբանանցիները՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ: «Թուրքիա պէտք է ընդունի պատմական իրողութիւնը։ Անարդարութեան պարագային պէտք է մենք բոլորս մեր ոյժերը միացնենք անարդարութեան դիմաց, որովհետեւ արդարութեան հարցը համամարդկային է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, երիտասարդները Նորին Սրբութեան ուղղեցին զանազան հարցումներ, որոնք կ’առնչուէին ընդհանրապէս հայութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ դատին եւ լիբանանահայութեան։