ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մասնակցեցաւ ռազմակրթական ոլորտի հիմնախնդիրներուն նուիրուած «Ազգ-բանակ-2017» խորագիրով համաժողովին, զոր համատեղ կազմակերպած են պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները: Համաժողովին կը մասնակցին պաշտպանական եւ կրթական գերատեսչութիւններու պատասխանատուներ, հանրակրթական ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներ, ուսուցիչներ, դասախօսներ, զինուարական ղեկավարներ, գիտական կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Իր խօսքին մէջ յատկանշական էր ՀՀ Նախագահին հետեւեալ շեշտաւորումը. «Խաղաղ պայմաններու մէջ մենք ազգ-այգեպան ենք, իսկ վտանգի պահուն կը դառնանք ազգ-բանակ: