Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Միրաքի Ուրախ Եւ Գունաւոր Ս. Զատիկը

Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժումը 16 Ապրիլ 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Յարութեան տօնը:

20170416_124420

Ս. Զատկուան տօնին Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժման պատուոյ հիւրն էր ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթի ատենադպիր, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոն Հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ, լոնտոնաբնակ ընկ. Վարդան Ուզունեանը:

20170416_130119

Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Փոխ-ատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը եւ ընկ. Պարոյր Գույումճեանը, ինչպէս նաեւ ընկ. Նազօ Քէլէշեան, ընկհ. Սոնիկ Քէլէշեան եւ ընկհ. Անի Պլղուրճեան, որոնք մասնակից դարձան Միրաքի  Զատկական տօնախմբութեան:

Միրաքի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընկ. Վարդան Ուզունեանին, Միրաք շարժումին ամէն Կիրակի Թէքէեան կեդրոնի երդիքին տակ հաւաքուելու ընձեռած հնարաւորութեան համար:

20170416_130939

Ընկ. Վարդան Ուզունեան եւ ընկ. Պարոյր Գույումճեան խանդավառուելով տօնական մթնոլորտէն եւ պատանի-ուսանողներու խումբի գործունէութենէն, նիւթական նուիրատուութիւն մը կատարեցին Միրաքին:

Միրաքի Ս. Զատկուան տօնը անմոռանալի եւ ցնծուն դարձնելու նպատակով, ընկ. Նազօ եւ ընկհ. Սոնիկ Քէլէշեաններ, որպէս տօնական նուէր, հաւաքին Հեքիաթներու աշխարհ կազմակերպութեան Ծաղրածուն հրաւիրեցին, որ իր տօնական ծրագիրով ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ։

20170416_132002

Տօնակատարութեան մասնակից Միրաքականները, ծնողները եւ հիւրերը անցուցին յիշատակելի պահեր, խաղցան, պարեցին, հիւրասիրուեցան, մասնակցեցան մրցումներու եւ հաւկթախաղի, ստացան նուէրներ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին