Վերջերս լոյս տեսած «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով. Յիսնամեայ գործունէութեան աձանագրութիւն» գիրքը կը շարունակէ հետաքրքրութիւն ստեղծել ՌԱԿ-ի եւ ոչ միայն ՌԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ:
Այս առիթով «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ հանդիպում մը ունեցանք յարգելի ընկերոջ հետ, որ առիթ մը հանդիսացաւ մտերմիկ եւ անկեղծ զրոյցի:
Ոչ մէկուն համար գաղտնիք եղող ներկուսակցական հին ու նոր պայքարներու եւ պառակտումի այս օրերուն, ընկեր Յակոբ Գասարճեանի ազգային կուսակցական կեանքի յիսնամեայ գործունէութիւնը ամփոփող գիրքը կարեւոր լուսարձակ կը սփռէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն պատմութեան մանրամասնութիւններուն վրայ: Փորձով լեցուն իր կեանքին կէս դարու իրադարձութիւններուն, դէպքերու եւ դէմքերուն անդրադարձող այս կարեւոր գիրքը կը պարունակէ ընկեր Գասարճեանի ընտանեկան յարկի, պատանեկութեան տարիներու յիշողութիւններ, միութենական, կուսակցական, ազգային-քաղաքական, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամակցութեան ընթացքին իր ունեցած գործունէութեան դրուագները: Ըստ իր վկայութեան, վերոյիշեալները թուղթին եւ պատմութեան դատաստանին յանձնելու մղումով ձեռնարկուած գործ մըն է այս գիրքը, որ դասական իմաստով յուշագրութիւն մը չէ, որքան զանազան տարիներու ընթացքին ընկեր Գասարճեանի կատարած գրառումներուն, նօթերուն, անձնական արխիւին եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած նիւթերուն մէկտեղումը:
Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի հասուն տարիքի գործունէութիւնները զուգադիպած են կարեւոր հանգրուաններու՝ լիբանանահայ ազգային ծաղկուն կեանք եւ ապա քաղաքացիական պատերազմ, Ֆրանսա տեղափոխութիւն, Արցախեան Շարժում, Սպիտակի աղիտալի երկրաշարժ, Հայաստանի անկախութեան հռչակում, Լիբանանի խորհրդարանի որպէս ՌԱԿ-ի երեսփոխան ընտրութիւն, ազգային զանազան իրադարձութիւններ եւ կուսակցական ներքին հարցեր:
Գիրքին պարունակութիւնը եղող նիւթերուն ընթերցումը, առիթը կու տայ զայն ընթերցողին կամ ապագայ ուսումնասիրողին, վերարժեւորելու անցեալ տասնամեակներու ապրուած ազգային կեանք մը եւ մանաւանդ դասեր քաղելու անկէ, որուն ընթացքին կատարուած ձեռքբերումներուն համար հպարտ է ընկեր Գասարճեան, միաժամանակ համեստօրէն յիշելով, որ իր գործադրած ճիգերուն հակառակ, եղած են նաեւ սխալներ, որոնց համար ընկեր Գասարճեան իրեն յատուկ վեհանձնութեամբ ներողութիւն կը խնդրէ իր ընտանիքէն, կուսակցութենէն, համախոհներէն, թէ հակառակորդներէն, աւելցնելով որ աշխատողն է, որ սխալներ կը գործէ: Մեր կողմէ կարեւոր է այստեղ ընդգծել, որ այս հարցով նմանօրինակ վեհանձնութիւն յատուկ է ընկեր Յակոբ Գասարճեանին միայն, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ հարցերուն մասնակից ոեւէ կողմ, նուազագոյնը հրապարակաւ, նման թափանցիկ արտայայտութիւն մը չէ ունեցած:
Տեղին է հոս նշել, որ ընկեր Յակոբ Գասարճեան տօնական օրերու նախօրէին շարունակած է իր պաշտօնական այցելութիւնները Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն եւ ազգային հաստատութիւններ իր գիրքէն նուիրելով ՀՀ Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարք-Կաթողիկոսին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին, եւ Հայկազեան Համալսարանի Վերապատուելի Նախագահ Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:
«Խմբ.»