Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ, 2017-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորուող ազգային վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներու Ս․ Զատկուան տօնակատարութիւնը։
Այս առիթով ներկայ շուրջ 150 մանուկները վարժարանի փակ դաշտին մէջ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբի ընկերակցութեամբ, խաղերու ընդմէջէն անցուցին ուրախ եւ հաճելի պահեր, որմէ ետք վարժարանի մեծ բակին մէջ տեղադրուած մեծ խաղալիքներով շարունակուեցաւ տօնական ուրախ մթնոլորտը։
Մանուկներու նշեալ հաւաքը առիթ հանդիսացաւ, որ միաւորուող վարժարաններու ծնողները մօտէն ծանօթանան Ազգային Միացեալ վարժարանի կառոյցին եւ աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ, վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան ներկայ ծնողներուն ուրախ մթնոլորտի պահուն փոխանցեց համապատասխան տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ։