Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Արուեստը Կրնայ Յաղթահարել Պատերազմն Ու Շրջափակումը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Արուեստի բնագաւառին մէջ աշխարհահռչակ խումբ մը հայ գործիչներ՝ Սերժ Թանկեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան, Ապրիլ 3-5՝ եռօրեայ այցով կը գտնուէին Արցախ: Անոնք հանդիպած են նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, տեսակցած են լրագրողներու հետ: «Արցախի նախագահի հետ քննարկած ենք Ապրիլեան պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, ինչ դրութիւն ունինք հիմա, ինչ հարցերու շուրջ կարեւոր է  միահիւսել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ջանքերն ու հնարաւորութիւնները»,- Արցախի նախագահի հետ ունեցած հանդիպան ընդհանուր գիծերը թուարկած է բեմադրիչ-սենարիստ Էրիք Նազարեանը.  «Եկած ենք տեսնելու, ծանօթանալու: Ոչ միայն անձնապէս, այլեւ Սփիւռքի հետ եւ միջազգային հանրութեան հետ կապերու դուռը բանալով այստեղի երիտասարդ ստեղծագործողներուն համար»,- մանրամասնած է խումբի անդամներէն System of A Down խումբի հիմնադիր, յայտնի ռոք-աստղ Սերժ Թանկեան: Անոնք պատրաստ են այդ նպատակին ծառայեցնելու իրենց հնարաւորութիւնները, կապերը: Առաջին քայլը արուեստի աշխարհահռչակ գործիչներուն կոչն էր` ուղղուած աշխարհի արուեստագէտներուն: Գալ Արցախ, դառնալ խաղաղութեան, համերաշխութեան գործընկերներ, կապ հաստատել Արցախի արուեստագէտներու հետ, աջակցիլ երիտասարդ ստեղծագործողներուն. այս էր հիմնական ուղերձը, որ խումբին անունով նրկայացուցած է դերասանուհի Արսինէ Խանճեան. «Աշխարհի բոլոր ազատ մտածող արուեստագէտներուն կոչ կ’ուղղենք, որ այցելեն Արցախ, դառնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործընկերներ, կապ եւ շփում հաստատեն տեղի արուեստագէտներու եւ ստեղծագործ, տաղանդաւոր մարդոց հետ, աջակցին, որ անոնք եւս աշխարհին բացուելու հաւասար հնարաւորութիւն ունենան եւ կարենան իրականացնել խաղաղութեան մէջ ստեղծագործելու եւ աշխարհի հետ կիսուելու իրենց համամարդկային իրաւունքը»: Ասիկա կոչի վերջաբանն է միայն: Իսկ Արցախի հետ կապուած իրենց ծրագիրները դեռ քննարկումներու փուլի մէջ են: Սերժ Թանկեան չի բացառեր Արցախի մէջ համերգով հանդէս գալը: Ե՞րբ` դեռ չէ որոշած: Ատոմ էկոյեանն նոյնպէս չի բացառեր Արցախի մասին ֆիլմ նկարահանելու հեռանկարը. «Ես կը փնտռեմ պատմութիւններ, որոնք կրնան յուզել մարդիկ, հասնիլ անոնց հոգիին, իսկապէս ազդեցիկ ըլլալ: Շուշիի պատմութիւնը, օրինակ, բաւական հզօր պատմութիւն է: Քննարկեցինք. Էրիքը նոյնիսկ սենար գրած է»,- անկեղծացած է յայտնի բեմադրիչը: Բեմադրիչ Էրիք Նազարեանը, աւելի կարեւոր կը համարէ տեղի` Արցախի ստեղծագործողներուն այդ նոյնը ընելու եւ զայն դուրսը նեկայացնելու հնարաւորութիւն տալը եւ ատով ալ Արցախը ճանաչելի դարձնելը: «Կարեւոր է, որ օգնենք, որ այդ գործը նոյնինքն տեղի երիտասարդները կատարեն: Ասիկա ձեր պատմութիւնն է, ձեր ապրածը, եւ ոչ-ոք ձեզմէ լաւ զայն չի կրնար ներկայացնել»,- կը կարծէ Էրիք Նազարեան, աւելցնելով, որ պէտք է արցախցի երիտասարդ ստեղծագործողներուն մուտքը ապահովել տարբեր հարթակներ:

1

2

Սերժ Թանկեան արդէն այդ ճանապարհին է: Անձամբ նկարած եւ Ինսթակրամի իր էջին տեղադրած է Փոքրիկ Ղարաբաղցիի` Միշա Արզումանեանի, կատարումը` ուղեկցող գրութեամբ,- «Այս երեխան կը կատարէ SOAD-ի Lonely Day-ը: Ան իրական ռոք աստղ է»: Չի բացառուիր, որ այլ բացայայտումներ ալ ըլլան: Հիւրերը այսօր եղած են Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:

3

Խումբին այցը Արցախ կազմակերպուած էր Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին