Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով՝ հայկական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պաստառ կը տեղադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի հանրայայտ կամուրջին վրայ:
Պաստառին վրայ գրուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915», նաեւ կայ յղում GenocideEducation.org կայքին։ Այս մասին կը յայտնէ nbcbayarea.com-ը:
Երեսուն հազար հաշուող հայկական համայնքը վճարած է պաստառին համար, որ ամբողջ Ապրիլի ընթացքին փակցուած պիտի մնայ կամուրջին մօտ: «Լաւ է, որ մարդիկ պիտի կարենան տեսնել պաստառը ամբողջ Ապրիլի ընթացքին, քանի որ անոր միջոցով մենք կը բարձրացնենք իրազեկումը ու հետաքրքրութիւն կ’առաջացնենք` մեր նպատակին հասնելու համար: Մենք կ’ուզենք, որ մարդիկ այցելեն մեր կայքը ու իմանան մեր պատմութեան մասին»,- յայտնած է հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Գիմ Պարտաքեան: