spot_img

Վարշաւայի Մէջ ՝«Հայկական Սփիւռքի Արուեստը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով

Վարշաւայի Կարդինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանին մէջ Մարտ 30 -31-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական սփիւռքի արուեստը» խորագիրով միջազգային գիտաժողով, որ իրականացաւ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համաշխարհային արուեստներու ուսումնասիրութեան Լեհական հիմնարկը, Կտանսքի Ազգային թանգարանը եւ Վարշաւայի Կարդինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանը` Սահակեան հիմնադրամի ու Միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի հովանաւորութեամբ:

Գիտաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, Վարշաւայի Կարդինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանի Պատմութեան եւ արուեստի հիմնարկի տնօրէն, դասախօս Կաթարժինա Խրուդժիմսքա-Ուհերան, Լեհաստանի Համաշխարհային արուեստի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի նախագահ, Թորունի Նիքոլայ Քոփեռնիքոսի անուան համալսարանի փրոֆէսոր Եժի Մալինովսքին եւ գիտաժողովի կազմակերպական յանձնախումբի ղեկավար, Վարշաւայի Կարդինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանի փրոֆէսոր Վալտեմար տէ Լուքան:

Գիտաժողովին տարբեր երկիրներու մէջ հայերու կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր մշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիտական զեկոյցներով եւ իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներով հանդէս եկան հայ եւ օտար գիտնականներ Լեհաստանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Հունգարիոյ շարք մը համալսարաններէ եւ գիտական կեդրոններէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին