Կոտայքի մարզի Ջրվէժ գիւղին մէջ Ապրիլ 1-ին բացուած է «Թուֆենքչի գրուպ» դեղագործական արտադրանքի գործարանը, որ հիմնադրուած է սուրիահայ գործարարներուն կողմէ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են ՀՀ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան նշած է, որ գործարանին մէջ պիտի արտադրուին այն դեղաﬕջոցները, որոնք պահանջարկ ունին ներքին շուկային մէջ:
«Արտադրութեան սպառման պարագային ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ մինչեւ 30-40 տոկոսով շուկայի մէջ դեղորայքի գիները նուազեցնել»,- ըսած է Ալթունեան: Անոր խօսքով` նման տեսակի գործարան տակաւին չէ եղած Հայաստանի մէջ: «Ի հարկէ, ունինք դեղագործական արտադրութիւններ, որոնք կը զբաղին այլ գործառոյթներով, սակայն փաթեթաւորման այսպիսի արտադրութիւն դեռ չէ եղած: Յոյսով եմ, որ նման արտադրութիւնները կը զարգանան»,- նշած է նախարարը:
«Թուֆենքչի» ընկերութեան նպատակն է թողարկել բարձրորակ դեղագործական արտադրանք, մասնաւորապէս` ցաւազրկողներ, հակաբորբոքային դեղեր, սննդային յաւելուﬓեր, կենսանիւթեր , հակաշաքարախտի դեղեր եւ այլն: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումերու նախարար Սուրէն Կարայեանի կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ գործարանը հիմնուած է սուրիահայերուն կողմէ: «Նման նախաձեռնութիւնները նախարարութեան համար շատ ողջունելի են եւ ուրախալի: Մենք պատրաստ ենք Սփիւռքի ﬔր բոլոր հայրենակիցներու կողքին ըլլալ, որպէսզի նման նախաձեռնութիւնները աւելի յաճախակի ըլլան եւ անոնց համար Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելը ըլլայ աւելի գրաւիչ եւ ուրախալի»,- ընդգծած է Կարայեան: Նախարարին կարծիքով` նման գործարաններու բացումը կ’ընդլայնէ դեղագործական ոլորտի արտադրութիւնը:
«Թուֆենքչի գրուպ» գործարանի գործադիր տնօրէն Քառլօ Գասպարը նշած է, որ 2017 թուականին «Թուֆենքչի» ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրել 350-400 հազար ԱՄՆ տոլարի արտադրանք, ստեղծել 25-30 աշխատատեղ: «Յետագային կը նախատեսուի ընդլայնել արտադրութիւնը, որուն արդիւնքով կը ստեղծուի եւս 50-60 աշխատատեղ: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրուﬓերու նախարարին հետ սերտ համագործակցութիւն ծաւալած ենք: Նախարարութիւնը ցոյց տուած է մեզի ամենակարճ եւ դիւրին ճանապարհը, որպէսզի կարենանք արագացնել գործարանի շահագործման գործընթացքը»,-ընդգծած է գործադիր տնօրէնը:
Ըստ անոր` ընկերութիւնը կը նախատեսէ իր արտադրանքը արտահանել Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Լիպիա, Ալժիր, Եմէն եւ այլն:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի դիտարկմամբ` նման նախաձեռնութիւնները կը խթանեն միւս սուրիահայերուն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու: «Շատ հաճելի է, որ սուրիահայերը կան բոլոր ոլորտներու մէջ, եւ այսօր նման ձեռնարկութիւն մը կը մեկնարկէ: Սա նաեւ յոյս եւ վստահութիւն է բոլոր այն սուրիահայերուն համար, որոնք դեռ կը տատամսին` մնա՞լ հայրենիքի մէջ, թէ՝ ոչ: Սուրիահայերու ներուժը շատ մեծ է, անոնք բոլորն ալ ստեղծագործ, արարող եւ աշխատող նուիրեալ մարդիկ են»,- եզրափակած է նախարարը