Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձներ փոխանակած են ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:






