ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական տուեալներուն համաձայն` 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (771 հազար 249 ձայն, կամ` ընտրողներուն 49.19 տոկոսը), «Ծառուկեան» դաշինքը (428 հազար 965 ձայն, կամ` ընտրողներուն 27.36 տոկոսը), «Ելք» դաշինքը (122 հազար 49 ձայն, կամ` ընտրողներուն 7.78 տոկոսը) եւ Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնը (103 հազար 173 ձայն, կամ` ընտրողներուն 6.58 տոկոսը):
Նախնական տուեալներու համադրութեամբ, կարելի է ըսել, որ ՀՀԿ-ն պիտի ունենայ 55 իրաւագիր, «Ծառուկեան» դաշինքը` 30, «Ելք»-ը` 9, իսկ ՀՅԴ-ն` 7, կը գրէ «Թերթ.ամ»-ը Իրաւագիրներու բաշխումը, նոր Ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն, կը կատարուի հետեւեալ կերպով. նախ` կուսակցութիւններու կամ կուսակցութիւններու դաշինքներու ստացած ձայներուն թիւը կը բազմապատկուի 101-ով (101-ը` ԱԺ իրաւագիրներու նուազագոյն թիւն է), ապա կը բաժանուի խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերուն կողմ քուէարկած քուէաթերթիկներու հանրագումարով: Քաղաքական 4 ուժերուն ձայները առանձին պէտք է բազմապատկել 101-ով, ապա`արդիւնքը բաժանել 1 միլիոն 425 հազար 445-ի, որ քաղաքական 4 ուժերուն համար քուէարկած թիւն է ընդհանուր վերցուցած:
Այս հաշուարկը կատարելով կ’ունենանք հետեւեալ պատկերը.
ՀՀԿ` ստացած ձայներուն թիւ (771249) x 101 / 1425445 = 54.6 իրաւագիր:
«Ծառուկեան» դաշինք` ստացած ձայներու թիւ (428965) x 101 / 1425445 = 30.3 իրաւագիր:
«Ելք» դաշինք` ստացած ձայներու թիւ (122049) x 101 / 1425445 = 8.6 իրաւագիր:
ՀՅԴ` ստացած ձայներու թիւ (103173 ) x 101 / 1425445 = 7.3 իրաւագիր:
Արդիւնքը` ՀՀԿ-ն կը ստանայ 55 իրաւագիր, «Ծառուկեան» դաշինքը` 30, «Ելք»-ը` 9, իսկ ՀՅԴ- ն` 7:
Լրացուցիչ իրաւագիրներ՝ 4 իրաւագիր, նախատեսուած են նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն համար: