spot_img

ԱՊՀ Դիտորդները Ընտրութիւնները Անուանած Են «Բաց Ու Թափանցիկ»

ԱՊՀ երկիրներու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւ երէկ Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Ապրիլ 2-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են «հանգիստ, թափանցիկ եւ կազմակերպուած»:

«Ընտրութիւնները տեղի ունեցան Սահմանադրութեան ու Ընտրական օրէնսգիրքին համապատասխան: Ապահովուած է ընտրողներու ընտրական իրաւունքի կիրառումը»,-ըսած է ան:

ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարին գնահատմամբ` կիրառուած արհեստագիտական նորամուծութիւնները, ընտրական գործընթացը «աւելի բաց ու թափանցիկ դարձուցած են»:

«Այդուհանդերձ, անոնք քիչ մը բարդացուցին ընտրական գործընթացը, յատկապէս տարեցներուն համար, սակայն լուրջ խնդիրներ չեն յառաջացուցած»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ թափանցիկութեան առումով «Հայաստանը գերազանցած է նոյնիսկ արեւմտեան որոշ երկիրներ»:

Անդրադառնալով ընտրութիւններու ընթացքին վարչական մարդուժի կիրառման վերաբերեալ ահազանգերուն` Սերկէյ Լեպետեւ ըսած է, որ անոնք բնական սահմաններու մէջ եղած են:

«Բոլոր երկիրներուն մէջ այդպէս է: Պետական գործիչները այդ ընթացքին չեն կրնար դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը ու օրինակ` չերեւիլ հեռատեսիլով»,- նշած է ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը:

Առաքելութիւնը ընտրութիւնները դիտարկած է 1215 ընտրատեղամասերու մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին