Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Էրտողանը Փոխանակ Եւրոպային Դաս Տալ Փորձելու, Հայ Ժողովուրդին Դէմ Իր Պապերուն Գործած Ոճիրը Թող Ընդունի». ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը երէկ գիշեր իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց արուեստի գործերը։ Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Արուեստագէտները առիթը ունեցան ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանի եւ վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելելու Անթիլիասի Մայրավանքի շրջաբակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթող-մատուռը:

2

Վեհարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով լիբանանցի նկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն ցեղասպանութենէն անդին՝ նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջքին ու վերածնունդին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց։ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ «թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»։

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին