Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Ամմանի Մէջ՝ Յատուկ Տօնակատարութիւն՝ Նուիրուած Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-Ամեակին

Ուրբաթ 10 Մարտ 2017-ի երեկոն մարդաշատ էր Ամմանի Մարզական Միութեան, Ալեք Մանուկեան սրահը, ուր տեղի ունեցաւ Հայոց Բանակի կազմաւորման 25 ամեակի նուիրուած ձեռնարկ մը, հովանաւորութեամբ ԱՄՄ-ի Վարչութեան և կազմակերպութեամբ ԱՄՄ-ի սկաուտական յանձնախումբին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ հանդիսութեան ներկայ էին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, Պատրիաքական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Աւեիս վրդ. Իփրաճեանը, ԱՄՄ-ի վարչական կազմը գլխաւորութեամբ Պրն.Յակոբ Սերփէքեանի, Երուսաղէմէն հիւրեր և բազմաթիւ Յորդանանահայեր:

Օրուան տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Յորդանանի և Հայաստանի օրհներգներու ունկնդրութեամբ եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու յանուն հայրենիքի ազատութեան նահատակուած բոլոր քաջ հայորդիներու յիշատակը:

Ձեռնարկին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար, սկաուտական յանձնախումբի ատենադպիր Տիկ. Թալին Յակոբեան: Ան նշեց որ «Այս տարի յոբելեանական տարի է, որովհետեւ հայոց բանակը դարձաւ 25 տարեկան, զօրանալով եղաւ աւելի հզօր և մարտունակ, եւ մենք իբր հայ ազգի զաւակներ, այսօր միասնաբար համախմբուած ենք արժեւորելու հայ ժողովուրդի յատկանշական այս տօնը, յիշեցնելով թշնամիներուն, որ հայ ազգը հզօր և անպարտ է, քանի դեռ ունի այսպիսի հզօր բանակ ու քաջ զաւակներ»:

Այնուհետեւ, գործադրուեցաւ որոշուած յայտագիրը, եւ իրբեւ սկիզբ հանդէս եկաւ ԱՄՄ-ի ամենափոքր սկաուտ Մակի Չոլաքեան «Միշտ Առաջ» երգով, ապա «Զինուորիկն եմ ես Փոքրիկ» երգով ներկայացան մեր ապագայ զինուորները ԱՄՄ-ի սկաուտները, անոր  յաջորդեց արտասանութիւններ, կատարողութեամբ Արին Շարաֆի «Նկարը» եւ Նաիմ Նաթուրի «Հայ Զինուոր». յետ արտասանութիւններու «Հայոց Բանակ» երգը կատարեցին ընկերներ,  Յարութ Գարտանաքեան, Սերլի Սանճեան եւ Ռուպի Մարտիրոսեան:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, պատրաստուած ընկերներ Թալին Յակոբեանի և Կիրակոս Եաղլեանի կողմէ: Մեծ պաստառի վրայ ցոյց տրուեցաւ 2016-ի ՀՀ Անկախութեան 25 ամեակի նուիրուած զօրահանդէսէն համախմբուած մաս մը, որ կը ցուցադրէ հայկական բանակի ներկայ ռազմական ներուժը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմագին ծափահարութիւններուն:

Ապա ելոյթ ունեցաւ սկաուտական պարախումբը «Քոչարի» պարով, որ պատրաստած էր ընկեր Արմէն Պապիկեանը:

Հանդիսավարուհի Տիկ. Թալին Յակոբեան հանգամանօրէն ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Տիկ. Լաուրա Յովհաննիսեանը, տալով կենսագրական ամփոփ գիծերը եւ հրաւիրեց բեմ: Տիկ. Լաուրա ողջունեց ներկաները, իր շահեկան և հաղորդական ոճով ներկայացուց Հայ Զինուորի կերպարը, մատնանշելով Հայ Մայրերու հերոսական ոգին: Իր ելոյթի ընթացքին բանախօսը անդրադառնալով Ապրիլի 2-ի հերոսամարտին, նշեց Հայաստան Արցախ Սփիւռքի միասնականութեան կարեւորութեան մասին, ան աւելցուց որ Ամմանի հայ համայնքը անտարբեր չմնաց այդ օրերուն, հանգանակելով որոշ գումար մը օգնեց զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն: Տիկ.Լաուրա եզրափակեց իր ելոյթը հայ զինուորին նուիրուած իր բանաստեղծութեամբ:

Յարգելի բանախօսի տպաւորիչ ելոյթէն ետք գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ: Երիտասարդ սերունդէն Նաթալի Սանճեանը, իր վճիտ առոգանութեամբ մեներգեց «Աղբերս ու Ես»-ը, կիթառի ընկերակցութեամբ, որ արժանացաւ ներկաներու ծափողջոյններուն:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հոգշ. Տէր Աւետիս վրդ. Իփրաճեանի պատգամով եւ Պահպանիչով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները մեծապէս գոհ եւ ուրախ, գնահատեցին օրուան ձեռնարկը եւ իրենց սրտի գոհունակութիւնն ու շնորհալիքը յայտնեցին սկաուտական յանձնախումբին:

2

3

5

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին