*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*
11 Մարտ 2017-ը անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ բոլոր այն հանդիսականներու յիշողութեան մէջ, որոնք ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ՌԱԿ Շուշան Վարդենի ակումբի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Օրուան հանդէսին: Ձեռնարկը հովանաւորեց եւ իր ներկայութեամբ պատուեց Լիբանանի վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տոքթ. Իզզըտտինը: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Կիներու Հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեանը:
Այս առիթով Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահը լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ: Հանդէսին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի Պրն. Աշոտ Վարդանեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանը, Թ.Մ.Մ.Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: Ներկայ էին նաեւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլի ներկայացուցիչ Փիէռ Ժալխ եւ երեսփոխան Սլեյման Ֆրանժիէի ներկայացուցիչ Միրնա Զախարիան: Հանդիսասրահը զարդարուած էր գեղեցիկ պաստառով մը եւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան անդամ գեղանկարչուհի Լենա Այտընեանի եւ լիբանանցի գեղանկարչուհի Տալալ Ֆարահի գործերով:
Նախարարուհին ընդունուեցաւ հայկական ազգային տարազ հագած երկու պարմանուհիներու կողմէ, որոնք իրեն հրամցուցին մեր աւանդական աղն ու հացը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք՝ բացման խօսքը կատարեց ընկհի. Մարօ Թոմպուլեան՝արաբերէն լեզուով: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ կինը տղամարդուն օգնեց ազատագրելու հողը եւ պայքարեցաւ իր արդար իրաւունքներուն համար: Ընկհի. Թոմպուլեան յիշեց բրիտանացի Տիկին Փենքհըրսթը, որ պայքարեցաւ կնոջ ընտրելու իրաւունքին համար եւ 1918-ին յաջողեցաւ: Նաեւ յիշեց գերմանուհի Քլարա Զեթքինը, որ նոյնպէս կնոջ իրաւունքներու պայքարի ռահվիրաներէն էր: Իսկ Լիբանանի պայքարող կիներէն յիշեց գրողներ Հանան Ալ Շէյխը, Լէյլա Պաալպաքին, գործիչներ Լոռ Մըղայզէլը եւ Լինտա Մաթարը: Ան հարց տուաւ, թէ մենք որքանո՞վ կրցանք հատուցանել կնոջ արդար պահանջները: Կինը արդար ձեւով ներկայացուա՞ծ է Խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ: Կուսակցութիւններու մէջ կնոջ կը վստահուի՞ որոշում կայացնելու իրաւունքը: Քոթան առժամեայ միջոց մըն է կինը հասցնելու համար Խորհրդարան: Կինը ինչո՞ւ չի կրնար իր քաղաքացիութիւնը փոխանցել իր զաւակներուն: Պէտք է տղամարդն ալ մասնակից դառնայ կիներու մակարդակի բարձրացման որեւէ որոշումի:
Ընկհի. Թոմպուլեան նաեւ յիշեց, թէ ՌԱԿ առաջին օրէն հաւատաց ազատութեան, հաւասարութեան եւ կնոջ արժանիքներուն ու միշտ գնահատեց հայ կնոջ դերը մեր ժողովուրդի պայքարին մէջ: Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը վկայ է այն մեծ գործին, զոր կատարեց հայ կինը: Ան սորվեցուց լեզուն, աւանդութիւնները եւ կրօնքը: Հայ կինը նախընտրեց խեղդուիլ Եփրատ գետի ջուրերուն մէջ՝ քան յանձնուիլ թուրք զինուորներուն: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Տիկին Իզզըտտինին, որ իր ներկայութեամբ պատուեց մեզ: Ան յայտնած էր, թէ «Ամալ» շարժումը արդէն լուծած է քոթայի խնդիրը եւ կինը մաս կը կազմէ շարժումին քաղաքական բարձրագոյն մարմիններուն: Ան աւելցուցած է, որ իրենք պիտի փորձեն համոզել միւս կուսակցութիւնները առնելու նման քայլեր:
Ընկհի. Թոմպուլեան բարի գալուստ մաղթեց նաեւ պետական նախարար Ժան Օղասապեանին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ան, իբրեւ արդարամիտ անձ պիտի յաջողէր լիբանանցի կնոջ իրաւունքները պաշտպանել:
Ապա բեմ բարձրացաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի ուսանողուհի Վարդի Սալխանեանը, որ գերազանց կերպով ասմունքեց Իպրահիմ Ալ Մունզիրի «Հազզիպուհա» բանսատեղծութիւնը, որուն միտք բանին էր կրթել կինը՝ զարգացած ընկերութեան մը հիմերը դնելու համար:
Օրուան հանդիսավար ընկհի. Ճեքի Տերվիշեան բեմ հրաւիրեց պետական նախարար Ժան Օղասապեանը: Պարոն Օղասապեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Տոքթ. Իզզըտտինի նման տիկին մը կայ կառավարութեան մէջ, որ իրեն նեցուկ կը կանգնի բոլոր կիներուն նախարարութեան վերաբերող պահանջներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ արդէն նախարարութեան վարչական կազմը յայտնի է եւ ան ստեղծուեցաւ ըստ ՄԱԿ-ի զարգացման գրասենեակի պահանջքին: Կիներու հարցերու նախարարութիւնը արդէն ունի իր ճամբու քարտէսը, կայքէջը եւ ներկայ է ընկերային ցանցերու մէջ: Արդէն ընդունուած է կնոջ վարկաբեկումը քրէականացնող կառավարութեան օրէնքը:
Նախարարը հարց տուաւ, թէ տղամարդիկ ի՞նչ ըրին կինը յառաջ մղելու համար: Ըստ Պարոն Օղասապեանին՝ շատ մը կիներ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած են մասնաւոր հատուածին մէջ եւ ժամն է, որ անոնք ծառայեն պետական համակարգին մէջ: Քոթան փոխանցման շրջանի համար է, որպէսզի կինը ընտրուի եւ սկսի ծառայել պետական մարմիններու ն մէջ: Որեւէ ընտրական օրէնք պէտք է ընդգրկէ կնոջական քոթան:
Տօներեան եղբայրներ մեծ վարպետութեամբ ներակայացուցին ջութակի եւ թաւջութակի երաժշտական կտորներ, որոնցմէ մէկն էր Կոմիտասի «Վաղարշապատի Պար»-ը:
Օրուան հանդիսավար ընկհի. Ճեքի Տերվիշեան իր տպաւորիչ խօսքերով բեմ հրաւիրեց օրուան հովանաւոր Տոքթ.Ինայա Իզզըտտինը: Ան նահատակի քոյր էր, բժշկական շատ մը տիտղոսներու տէր եւ շատ մը միջազգային բժշկական մարմիններու անդամ: Նաեւ «Ամալ» շարժումի գերագոյն մարմինի՝ քաղաքական խորհուրդի անդամ էր:
Տոքթ. Իզզըտտին յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ զինք ընդունած էին գրկաբաց՝ հայկական աւանդական աղ ու հացով: Ան յայտնեց, թէ այն ժողովուրդը որ գիտէ պահել իր աւանդութիւնները չի ձուլուիր եւ ան որ չի մոռնար իր դատը՝ անպայման կը հասնի իր նպատակին: Ան յիշեց հայերու պետականամէտ դիրքը քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եւ բարենիշ համարեց այդ քայլը: Ան բարձրօրէն գնահատեց հայ կնոջ դերը իբրեւ հաւատարիմ եւ արդարամիտ սերունդներ պատրաստող անձ: Շնորհիւ իր մօր՝ հայը դարձաւ վարպետ արհեստաւոր եւ տիպար քաղաքացի: Նախարարուհին յայտնեց, որ ներկայիս ականատես կ’ըլլանք ցաւալի իրողութեան մը, որ արտագաղթն է: Ան կոչ ըրաւ բոլոր հայկական հաստատութիւններուն՝ ձեռք ձեռքի տալու, առաջքը առնելու համար այս ցաւալի երեւոյթին:
Ան հաստատեց, որ համամասնական ընտրական օրէնք մը արդարութիւն պիտի բերէ բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնք արդարօրէն ներկայացուած պիտի ըլլան Խորհրդարանին մէջ: Համամասնական ընտրական օրէնքը եւ կնոջական քոթան կնոջ առիթ պիտի տան մտնելու Խորհրդարան եւ իր հարցերը բարձրացնելու այդտեղ:
Տոքթ. Իզզըտտինի խօսքէն ետք Օրդ. Տերվիշեան հրաւիրեց նախարար Ժան Օղասապեանը, Տոքթ.Իզզըտտինը, ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը, ընկ. Յակոբ Գասարճեանը եւ ընկհի. Մակի Մարկոսեանը գնահատանքի նուէր տալու համար հայ կիներու, որոնք ծառայած են հայութեան եւ Լիբանանին: Տիկին Լինտա Մաթար առանձին գնահատուեցաւ: Ան խօսք առաւ եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը այս անակնկալ հրաւէրին համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին:
Պարգեւատրուող կիներն են՝ Դոկտ. Մարի Գասպարեան, Տոքթ. Հերմինէ Այտընեան, Դոկտ.Արտա Էքմէքճի, Տոքթ. Սօսի Մատէեան, Տիկ.Ազատուհի Սիմոնեան, Տիկ.Անի Գալուստ, Տիկ.Արաքսի Տապաղեան, Տիկ.Գոհար Խաչատուրեան, Տիկ.Սեդա Խտըշեան եւ Տիկ.Արշօ Թիւթիւնճեան:
Հանդէսին յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները իրենց խորին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեցին կազմակերպիչ Շուշան Վարդենի ակումբի ժրաջան ատենապետուհիին եւ անդամներուն, որոնք չէին զլացած ամէն աշխատանք՝ այս գեղեցիկ հանդէսի յաջողութեան համար:
Վարձքերնիդ կատար, յարգելի ընկերուհիներ: