Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Թալէաթի Հրահանգը Հալէպի Նահանգապետարանին. Տեղահանուած Հայերը Պէտք է Մնան Աքսորավայրերու Մէջ

Akunq.net-ը գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի` 1916-ի Յուլիս 15-ին Հալէպի նահանգապետարան յղած հեռագիրին պատճէնը եւ ատոր հայերէն թարգմանութիւնը:

Հեռագիրին մէջ կը հրահանգուի բոլոր հայերը` կիները ներառեալ, պահել աքսորավայրերու մէջ եւ ոչ մէկ արտօնագիր չտալ, որով հնարաւոր ըլլայ անոնց` այլ վայրեր տեղափոխուիլը: Հրահանգը կը վերաբերի նոյնիսկ իսլամ ընտանիքներու մէջ ապրող հայերուն:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սոյն փաստաթուղթը օսմանեան արխիւէն գտած, թարգմանած եւ կեդրոնին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին