Դերասան Վարդան Պետրոսեան օրերս ազատ արձակուած է: Ըստ News.am-ի՝ Էրեբունի եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը քննած է անոր պայմանական վաղաժամկէտ ազատելու հարցը եւ որոշած է բաւարարել զայն:
Վարդան Պետրոսեանը լիովին ազատ արձակուած է:
Անոր փաստաբան Նիկոլայ Պաղտասարեանը նշած է, որ տեղեկութիւնները, թէ Վարդան Պետրոսեանը ազատ արձակուած է նախագահին ներումով, իրականութեան չեն համապատասխաներ:
«Վարդան Պետրոսեանը Հանրապետութեան նախագահին ներման խնդրանքով չէ դիմած, այդ լուրերը իրականութեանը չեն համապատասխաներ: Ան անցած է օրէնքով սահմանուած բոլոր ատեանները, այսինքն` սկիզբը կալանավայրի վարչակազմին կողմէ կայացուած է դրական որոշում, որմէ ետք, այսպէս կոչուած «անկախ յանձնաժողով»-ը տուած է դրական եզրակացութիւն, այնուհետեւ դատարանը արդէն բաւարարած է քրէակատարողական հիմնարկի միջնորդութիւնը, ի դէպ դատախազութիւնը եւս չէ առարկած: Ասիկա բարդ գործընթաց մըն է, որ շատ քիչ դատապարտեալներ կրնան անցնիլ»,- ըսած է փաստաբանը:
Յիշեցնենք, որ ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով երկու մարդու մահուան պատճառ դարձած՝ մեղաւոր ճանչցուած դերասան Վարդան Պետրոսեանը 2015 Սեպտեմբեր 2–էն պատիժը կը կրէր բաց կարգավիճակով, որ կ’ենթադրէ, առաւօտեան ժամը 8-էն դուրս ելլել ՔԿՀ–էն եւ մինչեւ 20:00 վերադառնալ: Այդ ընթացքին դերասանը ունէր երկրին մէջ ազատ տեղաշարժման իրաւունք, իսկ հանգստեան օրերուն պէտք է մնար կալանավայրին մէջ: