Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

«Ուսուցչաց Տօն»ը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

Ուսումնական տարեշրջանի իւրաքանչիւր զանգ կը հնչէ գալիքին համար լոյսի սերմեր սփռելու բարի ակնկալութեամբ: Դժուար է գտնել աւելի պատուաբեր եւ շնորհալի գործ, քան աշակերտ կրթելու եւ հասարակութեան արժանապատիւ անդամ ձեւաւորելու առաքելութիւնը: Դժուար է նաեւ ըլլալ ժամանակի պահանջ դարձած կրթական բարեփոխումներու հիմնական աջակիցն ու իրականացնողը: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ մեծարանքով գնահատած է իր մանկավարժները, անոնց վերապահելով նոր սերունդներու կրթութիւնը:

20170308_111446

Չորեքշաբթի 8 Մարտ 2017-ին, դասաւանդութիւնը չսկսած,աշակերտները իրենց անհուն սէրը արտայայտելով իրենց նուէրներն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին սիրելի ուսուցիչներուն:Այս մէկը արգասիքն է իւրաքանչիւր փոքր թուացող աշխատանքի կամ զոհողութեան, որ ուսուցիչը կը կատարէ նուիրումով եւ անձնուրացութեամբ:

20170308_111649

20170308_112558

Առաջին զբօսանքին, ուսուցչարանէն ներս սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ կարգ մը աշակերտներու ծնողներու կողմէ ղրկուած կարկանդակներու հատում եւ բարեմաղթութիւններու փոխանցում: Ապա վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ, Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակչուհի՝ Տիկ. Սեւանա Տարաքճեանի գլխաւորութեամբ, պատրաստած էին յայտագիր մը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

20170308_113412

Միջն. Գ. դասարանէն Փիթըր Մուրատեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս տօնին առիթով աշակերտները կու գային իրենց սէրն ու յարգանքը ցուցաբերելու իրենց սիրելի ուսուցիչներուն, որոնք ուսում  ջամբելով զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի լոյս, գիտութիւն, ի գին ամէն զոհողութեան կը կերտեն հասարակութեան պիտանի մարդը: Վերջապէս, ան աշակերտներուն անունով իրենց երախտապարտութիւնը յայտնեց այսպիսի ուսուցիչներ ունենալու համար: Ապա Միջն. Բ. եւ Գ. դասարաններու խումբ մը աշակերտուհիներ ներկայացան «Քելէ, Քելէ» գեղեցիկ պարով մը, Փիթըր Մուրատեան՝տհոլով, տեղի ունեցաւ նաեւ «Mind Your Language» զուարճալի թատերախաղը, կատարողութեամբ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներու՝ Փօլ Քէշիշեանի, Պէրնարտ Քաթիպեանի, Դալար Գէորգեանի, Սառա Յակոբեանի եւ Սինթիա Յովհաննէսեանի: Նախ.Դ. դասարանէն Ալին Գէորգեան գեղեցկօրէն մեներգեց Արամայիս Սահակեանի «Սիրելի Ուսուցիչ»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ իր քրոջ Դալարի: Իսկ մանկապարտէզի մանկամսուրէն Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները գեղեցիկ զարդարուն թագերով, ներկայացան «Ուրախ Կը Հնչեն» քաղցրահնչիւն խմբերգով: Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները, յուշանուէրներ նուիրելով իրենց ուսուցիչներուն յայտագիրը հասցուցին իր աւարտին: Վերջապէս վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան շնորհաւորեց յայտագրի պատասխանատու աշակերտները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ուսուցչակազմին անխոնջ աշխատանքը, մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Վարժարանիս հոգաբարձութիւնը գիտակցելով ու գնահատելով ուսուցչակազմին անձնուէր ու պատասխանատու աշխատանքը, զանոնք հրաւիրեց «Mamounia» ճաշարանը, ուր մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ միասնաբար ճաշակեցին համադամ ճաշատեսակներ: Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան շնորհաւորեց ուսուցիչները՝ անոնց մաղթելով անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական վերելք: Ունեցանք նաեւ օրուան բախտաւոր ուսուցիչը՝ վարժարանիս «Կարս» պարախումբի պարուսոյց՝ Տիկ. Նանոր Տօնէրեան Քէլէշեանը, որ շահեցաւ ինքնաշարժի ապահովագրութիւն մը՝ նուիրուած Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանի կողմէ: Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում:

20170308_134021

Այս տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր ուսուցիչները՝ իրենց մաղթելով առողջութիւն եւ բեղմնաւոր աշխատանքային ուղի, ինչպէս նաեւ ուժ եւ համբերութիւն, որպէսզի կարողանան հեշտութեամբ յաղթահարել իրենց դիմաց պարզուող բոլոր մարտահրաւէրները:

20170308_134719

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ուսուցիչ: Քու անձնական ու օրինակելի նուիրումովդ կ’ուրուագծուի 21-րդ դարու հայ մարդու նկարագիրը:

 

 

 

 

 

                       

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին