Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Կանանց Միջազգային Տօնի Հանդիսութիւն Թէքէեան Կեդրոնի Յարկին Տակ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Վարչական Բարեկարգումներու Պետական Նախարար Տոքթ. Ինայա Ազըտտինի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շուշան Վարդենի ակումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Շաբաթ, 11 Մարտ 2017, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնի Հ. Սեդրակեան սրահին մէջ Կանանց Միջազգային Տօնին առիթով կազմակերպել իւրայատուկ հանդիսութիւն մը՝ պատուելու համար կիները ընդհանրապէս եւ պարգեւատրելու ի մասնաւորի շարք մը կիներ, որոնք իրենց գործելադաշտին մէջ  մեծ նպաստ բերած են եւ տակաւին կը բերեն իրենց ժողովուրդին եւ մարդկութեան:

Հանդիսութեան խօսք առաւ Կանանց Հարցերու Պետական Նախարար Ժան Օղասապեան ինչպէս նաեւ հանդիսութիւնը հովանաւորող Նախարար Տոքթ. Ինայա Ազըտտինը: Հանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր ներկայացուցին Տօնէրեան եղբայրք:

Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին