Նախորդ գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներով, որոնց շարքին՝ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար հրացաններ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 40 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 500 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն իրականացնել մարտական ծառայութիւնը՝ պատասխան գործողութիւններու դիմելով միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: