Մարտ 6 լոյս 7-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է 50 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1100 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը մասնաւորապէս ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ շարունակած իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: