ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 5 Մարտ 2016-ի կիրակնօրեայ ծրագիրը, որ տեղի ունեցաւ «Թէքէեան Կեդրոն»-էն ներս, բաղկացած էր երկու հատուածներէ:
Առաջին բաժինը նուիրուած էր «Աւանդականն ու նորաձեւը» խորագրով բանավէճին: Միրաքականները բաժնուցան երկու խումբի եւ արտայայտեցին աւանդականին կառչած մնալու կամ նորաձեւութեան հետ քայլ պահելու թեր ու դէմ կարծիքներ:
Բանավէճը վարեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, «Միրաք»-ի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը: Իբրեւ եզրակացութիւն պարզուեցաւ, որ առողջ մթնոլորտի մէջ ապրելու համար պէտք է առանց մեր հայկական աւանդական սովորութիւնները մերժելու նորարարական լուծումներ գտնել, ըլլալ աւանդապաշտ, սակայն առանց կարծրատիպերով առաջնորդուելու, համադրել ազգայինն ու համամարդկայինը, աւանդականն ու ժամանակակիցը, այս երկուքի միջեւ միշտ վառ պահելով ազգապահպանութեան գիտակցութիւնը:
Ծրագրի երկրորդ բաժինը, որ պատրաստած էր երիտասարդական խումբի անդամներէն Մարինա Յարութիւնեանը, յատկացուած էր տրամաբանական եւ սրամիտ հարց-պատասխան խաղերու, որոնց ընթացքին երկու խումբերն ալ աշխոյժ եւ խանդավառ մասնակցութիւն բերին: