«Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ը 2009 թուականներէն եռաչափ (3D) տարբերակով կը վերականգնէ հայկական միջնադարեան Անի քաղաքը:
Ինչպէս «Հետք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է պատմամշակութային յուշարձաններու եռաչափ վերականգնող Պարգեւ Ֆրանկեանը` այս տարիներու ընթացքին հնարաւոր եղած է վերականգնել Անիի գրեթ 60 տոկոսը: Ան կը կարծէ` քաղաքը ամբողջական վերականգնել պիտի կարենան երեք տարիներու ընթացքին:
«Այս նախաձեռնութեան նպատակը հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս, պահպանելն ու փոխանցելն է»,- կ՛ըսէ Ֆրանկեան:
Վերականգման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ կ՛աշխատին ճարտարապետ, պատմաբան, յուշարձանագէտ:
Նախնական նաեւ կը փորձեն interactive կերպով վերականգնել քաղաքին տեսքը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մարդոց vitual կերպով մուտք գործել քաղաքի շինութիւններ, ծանօթանալ անոնց ճարտարապետութեան` ներսէն: