Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Մասնակցելու Համար Մօտ 4000 Մարդ Հայաստան Պիտի Ժամանէ

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետ տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ իրականացման միջգերատեսչական յանձնաժողովին անդրանիկ նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։

ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ, 2018-ին, պիտի կազմակերպուի ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը եւ մեր երկիրը երկու տարի ժամկէտով պիտի ստանձնէ այս խորոշագոյն` 84 անդամ, զուգորդուած  եւ դիտորդ երկիրներ ու կառավարութիւններ ընդգրկող կառոյցին նախագահութիւնը: ԱԳ նախարարին խօսքով` Հայաստանը առաջին անգամ է, որ պիտի իրականացնէ այս կարգի բարձր մակարդակի, ծաւալի եւ միջազգային ընդգրկուածութեամբ ձեռնարկ: Կ’ակնկալուի, որ գագաթնաժողովին մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, կը նախատեսուի նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու 31 գործընկեր կառոյցներու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը:

Կ’ակնկալուի հարիւրէն աւելի պատուիրակութիւններու ժամանումը, ընդհանուր հիւրերուն քանակը պիտի հասնի մինչեւ 4000 մարդ: Երկօրեայ գագաթնաժողովի մեկնարկէն երեք օր առաջ պիտի կայանայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նաեւ մշտական խորհուրդին նիստը: Գագաթնաժողովին կարեւոր տեղ պիտի յատկացուի այնպիսի ուղղութիւններուն, ինչպէս կայուն զարգացումը, նորարարութիւնը,  տեղեկատուական ճարտարագիտութիւնները, մշակութային բազմազանութիւնը, երիտասարդութեան հարցերը եւ այլն: Ձեռնարկը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ կազմակերպել տնտեսական գործարար ատեան`  ֆրանսախօս երկիրներու ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու լայն ներկայացուածութեամբ: Ատոր ծիրէն ներս՝ առաջարկուած է իրականացնել հայկական ապրանքատեսակներու եւ ծառայութիւններու ցուցահանդէս, որուն միջոցով պիտի ներկայացուին Հայաստանի ներդրումային եւ առեւտրատնտեսական հնարաւորութիւնները, մեր երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր համարած է մեր երկրին մէջ նման ծաւալով ձեռնարկի բարձր մակարդակով կազմակերպումը եւ նշած. «Հետաքրքրական իրադարձութիւն է, հետաքրքրական հարթակ, օգտագործելով այս հնարաւորութիւնը` կրնանք լաւագոյնս ներկայացնել Հայաստանը եւ ալ աւելի ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը»:

Վարչապետը շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ ներգրաւելու համար նշանակել յստակ պատասխանատուներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին