Շաբաթ, 4 եւ Կիրակի, 5 Փետրուար 2017-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական վարչութիւնը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետական կազմերու երկօրեայ բանակում մը կազմակերպեց Քջակի մէջ:
«Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսին տակ կայացող սոյն բանակումին մասնակցեցան ՀԵԸ Անդրանիկ սկաուտական շարժումի բոլոր խումբերու խմբապետական կազմերը:
Շաբաթ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ դաստիարակչական դասախօսութիւն մը, ուր նախկին խմբապետուհի Թաթիանա Վարաքեան խօսեցաւ հոգեբանական տարբեր հարցեր ախտաճանաչելու եւ զանոնք դարմանելու եղանակներուն մասին:
Օգտուելով բանակումի պատեհութենէն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինը բանակումի վայր հրաւիրեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղի բոլոր վարչութիւնները (ընկերային, սկաուտական ծնողաց, մայրերու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փողերախումբ եւ վեթերան սկաուտներու համախմբում), որպէսզի ընդհանուր պատասխանատուներու ներկայութեամբ քննարկուին քարոզչական, կազմակերպչական եւ գաղափարախօսական հարցեր: Հաւաքը վարեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեանը:
Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը: Ան խօսեցաւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գաղափարախօսութեան, Միութեան ղեկավարութեան եւ կազմակերպչական կառոյցին, աշխատանքային բաժանումներուն, երիտասարդութեան համար նախատեսուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ նուիրումի շնորհիւ Միութեանս ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին:
Շաբաթ երեկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիք:
Կիրակի օր, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետական կազմերը շարունակեցին բանակումը: Կարգ մը տիպար անդամ-անդամուհիներ ստացան գնահատագիրներ:
Բանակումի աւարտին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը ներկայացնող բոլոր կառյոցներու վարչութիւնները վերահաստատեցին միասնական եւ հաւաքական աշխատանքով միութենական ծառայութիւնը շարունակելու իրենց ուխտը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ