Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Օսմանեան Կայսրութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալիաթի Շրջաբերականը` Հայերու Կրօնափոխութեան Հանգամանքներուն Վերաբերեալ

Ինչպէս թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամ եւս կ’արձանագրէ «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» գիրքին մէջ, օսմանեան իշխանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնափոխուած հայերուն որոշ ժամանակ, մասնաւորապէս մինչեւ 1915-ի Յուլիս 1-ը, թոյլ տուած են, դաւանափոխ ըլլալու պարագային, զերծ մնալ տեղահանութենէն, սակայն Յուլիս 1-էն մինչեւ նոյն տարուան Նոյեմբեր 4-ը արգիլուած է հաւատափոխ հայերու համար նման բացառութիւն ընելը:

Արդ, ստորեւ Akunq.net-ը կը հրապարակէ 1915-ի Նոյեմբեր 4-ին Թալիաթի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր նահանգապետներուն ուղարկուած օսմաներէն հեռագրի պատճէնը եւ ատոր արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը: Սոյն փաստաթուղթէն պարզ կը դառնայ, որ վերստին թոյլ տրուած կրօնափոխութիւնը ոչ բոլորին կը վերաբերի եւ կը կարգաւորուի` ըստ որոշ սկզբունքներու:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին սոյն փաստաթուղթը տրամադրած եւ թարգմանած է ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանը:

4

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին