Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Կարեւոր Կը Համարէ Սփիւռքի Նախարարութեան Գործունէութիւնը

ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետ շարունակուած է ՀՀ պետական կառավարման մարմիններու գնահատուած կատարողականներու եւ ՀՀ կառավարութեան 2016-ի գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի ու գերակայ խնդիրներու կատարման մասին հաշուետւութիւններու քննարկումը: 2016-ի ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու իրականացման արդիւնքներուն մասին զեկուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարար Յակոբեան՝ անդրադառնալով 2016-ի ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու իրականացման արդիւնքներուն, նշած է, որ շարունակուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած փախստականներու կեցութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ այլ հարցերու լուծման ուղղուած աշխատանքները: Կարեւոր համարուած են Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման նպաստող քայլերը: Յաջողութեամբ իրականացած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Արի տուն» ծրագիրները, մասնակիցներուն համար 2016-ին եւս կազմակերպուած են հայոց լեզուի արագացած դասընթացներ: Նախարարը նշած է, որ 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած են նախարարութեան բոլոր ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որ աննախադէպ եղած է մասնակիցներու թիւով:

Հրանոյշ Յակոբեան զեկուցած է նաեւ 2017-ի գերակայ խնդիրներուն մասին` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու եւ իրաքահայերու խնդիրներու լուծման ուղղուած աշխատանքներու համակարգում, սուրիահայերու բնակարանային խնդիրներու լուծման նպատակով աջակցութեան տրամադրում, մասնագիտական վերապատրաստումներու իրականացում, աջակցութիւն Հայաստանի մէջ գործող սփիւռքահայերու հասարակական միաւորումներու գործունէութեան, սփիւռքահայ ուսուցիչներու եւ երիտասարդներու համար Երեւանի մէջ հայոց լեզուի (արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի) արագացուած դասընթացներու կազմակերպում եւ այլն:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր համարած է նախարարութեան գործունէութիւնը սփիւռքահայութեան հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ եւ նշած,- «Մենք ձեր օղակները, հարթակը պէտք է օգտագործենք, որպէսզի ստանանք բազմապատկուած ազդեցութիւն: Մեզի պէտք է կառավարման մշակոյթ, շփում մեր հայրենակիցներուն հետ: Իբրեւ հաւանական դեսպաններ` յայտնի, յաջողակ հայերու միջոցով պէտք է բարձրացնենք մեր երկրին ճանաչելիութիւնը, զարգացնենք կառավարման մշակոյթը»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին