Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարի Նուիրեալ Հերոսները Կը Պարգեւատրուին Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Այս յօդուածին ընկերակցող նկարը աւելի քան խորհրդանշական է: Հայրենիքի հանդէպ սէրը, Հայ Դատի հանդէպ անոնց ունեցած հաւատարմութիւնը, Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարի նուիրուածութիւնը, Արցախը, Հայրենադարձութիւնը եւ վերջապէս՝ Հայոց Բանակի տօնը միացուցած է միեւնոյն գաղափարին համար սակայն ատենին տարբեր ու մրցակից ճակատներու վրայ կռուող քաջ տղաք: Լիբանանահայ տղաք՝ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին հետ:

Խմբ.

Ձախէն ոտքի՝ Հարմիկ Յովսէփեան, Սեւակ Յակոբեան, Վազգէն Սիսլեան, Մարտիրոս Ժամկոչեան. Նստած՝ Անդրանիկ Պօղոսեան
Ձախէն ոտքի՝ Հարմիկ Յովսէփեան, Սեւակ Յակոբեան, Վազգէն Սիսլեան, Մարտիրոս Ժամկոչեան. Նստած՝ Անդրանիկ Պօղոսեան

Տարիներու «ընդմիջումէ» ետք, իրենց կեանքն ու հայրենասէր ուղին Մայր Հայրենիքի հողին վրայ մշտապէս կերտող հայ ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալ հերոսները Հայոց Բանակի Տօնին առիթով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրուեցան ՀՀ Սփիւռքի  նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ:

Իրենց կեանքն ու երիտասարդութիւնը օտարերկրեայ բանտերու եւ կալանավայրերու մէջ անցուցած, ապա յանուն Արցախի, Մայր հայրենիքի ազատագրութեան եւ անկախութեան ամրապնդման մէջ իրենց արժանի աւանդն ունեցան առայժմ շքանշանակիր հետեւեալ հայորդիները՝ Անդրանիկ Պօղոսեան, Մարտիրոս Ժամկոչեանին, Սիմոն Գաֆալեանին, Վազգէն Սիսլեանին, Հարմիկ Յովսէփեանին, Հրանդ Աշճեանին, Շահէ Աճեմեանին եւ Անդրանիկ Չաւուշեան:

Այս իւրայատուկ նկարին մէջ երեւցողները Լիբանանահայ  տղաքն են լուսանկարուած Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ:

Հարմիկ Յովսէփեան. որպէս Շուշիի առանձնակի ջոկատի ազատամարտիկ, մասնակցած է Արցախի ազատագրութեան բազմաթիւ մարտերուն, նաեւ իր ռազմավարական կարեւոր նպաստը բերած է ապրիլեան պատերազմի օրհասական օրերուն: Պարգեւատրուած է ՀՀ նախագահի յատուկ շքանշանով եւս:

Վազգէն Սիսլեան. Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) ազատամարտիկ է, վիրաւորուած եւ շուրջ 8 տարի բանտարկուած է Փարիզի թրքական դեսպանութեան դէմ 1981-ի «Վան» գործողութեան համար (Գէորգ Կիւզէլեանի, Արամ Պասմաճեան նահատակի եւ Յակոբ Ճուլֆայեանի հետ): Իր կեանքը նուիրած է Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի պաշտպանութեան, անկախութեան ամրապնդման համար:

Մարտիրոս Ժամկոչեան.  Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) երբեմնի ազատամարտիկն է: Երկար տարիներ, իր  երիտասարդութիւնը անցուցած է Զուիցերիոյ բանտերուն մէջ, շան սատակ ընելու համար Քենան Էվրէնեան բռնատիրութեան կամակատար թուրք դիւանագէտը:

Ապա, Պէյրութ ծնած այս հերոսը, իր պայքարի կեանքը շարունակեց արցախեան մարտադաշտերուն վրայ որպէս Մօնթէ Մելքոնեանի զինակիցը: Վերջինիս նահատակութենէն ետք, կը դառնայ նահատակ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի գրասենեակի տնօրէնը, օգնականը: Այժմ կը ծառայէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար:

Անդրանիկ Պօղոսեան. Հայ Դատի Արդարութեան Մարտիկներու ազատամարտիկ է: Ան ծանր վիրաւորուելով հաշմանդամ դարձած է, Պելկրատի մէջ, թրքական դեսպանութեան դէմ գործողութեան ընթացքին: Ազատած է Սերպիոյ նախագահ Միլոսովիչի միջամտութեամբ: Տեղափոխուած է Մայր հայրենիք եւ իր թանկագին նպաստը բերած է Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան եւ պետականութեան ամրապնդման համար:

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, ՌԱԿ-ի եւ 80 ամեայ «զառամեալ» բայց յաւերժ երիտասարդ մեր թերթին անունով շնորհաւորելու լիբանանահայ պանծալի հերոսները:

Կեցցէ Հայոց Բանակը: Շնորհաւոր իր Տօնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին