*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*
Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակին Առիթով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տօնական ձեռնարկին ծիրէն ներս հիւրընկալուած էին Արցախի առաջին գոյամարտին մասնակցած սփիւռքահայ, հայրենադարձ ազատամարտիկներ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմական գործողութիւններուն մասնակցած, Հայոց բանակին մէջ ծառայող սփիւռքահայ երիտասարդներ, անոնց ընտանիքներուն ներկայացուցիչները: Այդ ընտանիքներէն մէկուն` Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանճեան ամուսիններուն հետ ալ ծաւալեցաւ իմ հարցազրոյցս «Հայերն այսօր»-ին համար:
–Տիկի՛ն Նաթալի, ե՞րբ հայրենադարձ եղած է Ձեր ընտանիքը:
-Երկու տարի առաջ Հայրենիք վերադարձանք Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն: Մեր ընտանիքին մէջ 5 արու զաւակ կայ` բոլորն ալ ` հայկական անուններով` Պօղոս, Սարգիս, Գէորգ, Մեսրոպ, Թորոս: Անոնցմէ երկուքը հիմա Պէյրութ են, երկուքը կը ծառայեն Հայոց բանակին մէջ, կրտսերն ալ Յունուար 30-ին կը զօրակոչուի:
–Դժուար չէ՞ արդեօք բանակին մէջ ունենալ երկու տղայ, մանաւանդ՝ տունէն շատ հեռու, Ղարաբաղի մէջ, եւ դեռ մէկն ալ կը պատրաստուիք շուտով ճանապարհել ծառայութեան:
– Շատ դժուար է, ատիկա անբացատրելի երեւոյթ է. ամէն գէշ լուրին հետ վեր կը թռչիս, կ’իյնաս անորոշութեան ու տագնապին գիրկը: Ես կը շնորհաւորեմ Հայոց բանակի տօնը եւ կը մաղթեմ, որ ան միշտ հզօր, անպարտելի, յաղթական ըլլայ, որ մեր Հայրենիքի բոլոր առաւօտները խաղաղ բացուին, որ գիշերները անխռով ու հանդարտ ըլլան մեր ժողովուրդին համար, որ բոլորին զաւակները ողջ-առողջ տուն վերադառնան, որ ոչ մէկ որդեկորոյս ծնող ըլլայ:
–Ուրկէ՞ է հայրենասիրութեան այդ կրակը տղոց հոգիին մէջ:
-Իրենց հօրմէ ժառանգած են. ան ապրիլեան օրերուն ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ կը պատրաստուէր մեկնիլ Ղարաբաղ. այստեղէ՛ն կու գայ տղոց հոգիին մէջ թունդ առնող հայրենասիրութեան կրակը…Դաւիթը այդ հարցին աւելի լաւ կը պատասխանէ:
–Դաւի՛թ, Դուք կը պատասխանէ՞ք այդ հարցին:
-Անշու՛շտ: Հայրենասիրութիւնը մեր արեան մէջ է, զայն ժառանգած ենք մեր պապերէն, մեր արժանաւոր նախնիներէն: Ամէն հայու հոգիին մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է այրի հայրենասիրութեան կրակը: Իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է իր պարտքը տալ Հայրենիքին: Եթէ նոյնիսկ տղաքս չցանկային ծառայել, ես անպայման կ’ուղղորդէի անոնց: Հիմա ալ ես պատրաստ եմ `որդիներուս կողքին պաշտպանելու մեր երկրի, Արցախ աշխարհի սահմանները: Դէ՛մ եմ այն մտայնութեան, թէ` թո՛ղ ուրիշը ծառայէ. ուրիշ չկա՛յ, բոլորն ալ մեր տղաներն են, բոլորի կեանքն ալ սուղ է մեզի համար: Հայոց բանակի տօնին առթիւ շնորհաւորելով բոլորս, մասնաւորապէս` բանակի նուիրեալները եւ այս ցրտաշունչ ձմրան սահմանները գիշերուզօր պաշտպանող մեր երիտասարդ զինուորներուն` կը մաղթեմ, որ մեր բանակը միշտ անպարտելի ըլլայ: Մեր բանակը մեր ամրո՛ցն է, մեր վահա՛նը, մեր Հայրենիքի անառիկութեան գրաւականը:
…Զարմանալի հայեր, հիանալի՜ հայեր. ուր ալ դուք ապրիք, միեւնոյնն է, ձեր հոգիին մէջ առկայծող հայրենասիրութեան կրակը, անհրաժեշտութեան պարագային կը բոցկլտայ ու մեծ խարոյկ կը դառնայ:
«Հայերն Այսօր»
Ծանօթ՝
Այստեղ մեր կողմէ տեղին է նշել, որ Գազանճեան ընտանիքը վերոյիշեալ ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցաւ ձեռամբ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:
«Խմբ».






