Հինգշաբթի, 07. 12. 2023

spot_img

Ապրիլեան Պատերազմի Օրերուն Աւերուած Թալիշը Կը Վերականգնուի

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Ամանորեան եռուզեռէն շատ չանցած՝ Թալիշի մէջ սկսած է շինարարական եռուզեռը : Կը շարունակուի  հասարակական շէնք-շինութիւններու կառուցումը: Նախկին համայնքապետարանը համայնքային կեդրոնի կը  վերածուի, կողքին՝ հանդիսութիւններու տունը կ’ըլլայ:  Ճարտարապետներու խումբի ուղեկցութեամբ՝ պատասխանատուները հերթական անգամ կը շրջին շինհրապարակի մէջ: Ընթացս՝ նախագծերու մէջ  վերջին ձեւաւորումները կը կատարեն: Սեղանին Թալիշի նոր թաղամասի նախագիծն է, որ կ’ընդգրկէ գիւղ մտնող ճանապարհէն ձախ, հակառակորդի կողմէն չդիտարկուող տարածքը:  Նախագիծին վրայ արցախցի մասնագէտներու հետ կ’աշխատին Հայաստանի ճարտարագիտաշինարարական ազգային համալսարանի խումբը: «Կայ ղեկավարութեան կողմից խնդիր դրուած, որ տները պէտք է բաժանուեն 100-1200 մեթրի վրայ: Տների չափերի հարցում ընտանիքի անդամների թիւն է կարեւոր: Որոշել ենք կազմել տների կատալոգ՝ տարբեր ձեւի եւ չափի՝ նոյն ճարտարապետական ոճի մէջ: Որպէսզի ընտրուի՝ որ ընտանիքին ինչ տուն է պէտք»,- կը պատմէ աշխատանքային խումբի մէջ ներգրաւուած ճարտարապետներէն Գէորգ Սաֆրազպէկեանը:

«Ունենալով հասարակական շէնքերն ու շինութիւնները՝ պէտք է ունենանք նաեւ բնակելի թաղամասը: Նոր, յարմարաւէտ պայմաններով, ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան, իրենց թաքստոցներով, ապաստարաններով: Մենք ունենք մեր տարբերակը: Համալսարանը ներկայացրել է իր տարբերակը: Կը քննարկենք, կը գանք ընդհանուր յայտարարի»,- իրավիճակը կ’ամբողջացնէ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:

Շրջայցէն յետոյ մասնագէտներն ու պատասխանատուները կրկին քննարկումներու սեղանի շուրջ  հաւաքուած են: Պահանջը յստակ է՝ առանձնատները պէտք է կառուցուին արագ, որակով եւ լիարժէք եւ ամբողջութեամբ կահաւորուած: «Բնակիչին մնալու է իր երեխաների ձեռքը բռնի ու մտնի այդ բնակարանը»,- կը վստահեցնէ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը եւ կը մանրամասնէ՝ Թալիշի վերականգնման հետ կապուած ծրագիրները կը պատշաճեցնեն ամէնէն առաջ գիւղի բնակիչներու հետ:  Անոնց համաձայնութեամբ՝ գիւղը ընդհանուր կենդանաբուծարան կ’ունենայ: Երկրագործութեան ոլորտին մէջ ալ ծրագիրներ կան: «Իհարկէ, գիւղատնտեսութեամբ պէտք է զբաղուին: Այդ պարտադիր պայման է: Արդէն իսկ համապատասխան յանձնարարականներ են տրուել գիւղատնտեսութեան նախարարութեանը: Գիւղնախարարութիւնը զուգահեռ աշխատանք է տանում, որ այստեղ նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիր ունենանք»,- կը տեղեկացնէ, բայց դեռ մանրամասները չի բացայայտեր Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը: Գիւղատնտեսութենէն բացի՝ այլ աշխատատեղերու հնարաւորութիւն եւս կը նախատեսուի: Որպէս սկիզբ՝ գիւղի մէջ կարի արտադրամաս պիտի հիմնուի:

Յիշեցնենք, որ սահմանամերձ Թալիշը Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ամենաշատ տուժած բնակավայրն է: Գիւղը  քանի մը օր շարունակ հրետակոծուեր է: Թալիշի բնակչութիւնը տարհանուած է: Անոնց մէկ մասը այսօր տեղաւորուեր են նոյն՝ Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայրի մէջ՝ սահմանէն աւելի հեռու, իսկ շատ ընտանիքներ ցրուած են Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակավայրերու մէջ: Թալիշի վերականգնումէն յետոյ թալիշցիները հայրենի գիւղ են վերադառնալու: Վերականգնողական աշխատանքներու սկիզբը 2016-ի վերջերը տրուած է: Կատարումը Արցախի նախագահի անմիջական վերահսկողութեան տակ է: Պետական պիւտճէէն բացի, այս աշխատանքներուն նաեւ բարեգործական գումարներ  կ՝ուղղուին:

2

3

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին