Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Կը Թեւակոխէ իր 80-Ամեակի Տարին՝ Պարգեւատրելով «Բեղուն Գրիչ»-ով Մտաւորական Եւ Աշխատակից Սարգիս Փոշօղլեանը

*ՀԱՄՕ  ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ինչպէս օրին կարճ լուրով մը անդրադարձած էինք, Չորեքշաբթի, 18 Յունուարի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ «Զարթօնք»-ի 80 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը, մասնակցութեամբ  ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ այնպէս ալ մտաւորական ընտրանիի մը:

2C5A0945

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկող «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ Սեւակ Յակոբեան, որ մեկնարկը յայտարարեց «Զարթօնք»ի 80 Ամեակի ձեռնարկներու շարքին թուելով անոնցմէ ոմանք, որոնք տեղի պիտի ունենան 2017 տարուայ ընթացքին:  Ապա ան յայտարարեց, որ «Զարթօնք» իր գործնական մասնակցութիւնը պիտի ունենայ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան  «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան, հաստատելով որ 2017 տարին «Զարթօնք»ի  համար իրողապէս պիտի ըլլայ Արցախի տարին:

Իր խօսքին աւարտին, ընկ. Ս. Յակոբեան հրաւիրեց տողերուս հեղինակը ներկայացնելու «Զարթօնք» -ի 80 ամեակին նուիրուած 2017-ի բացառիկը:  Արտայայտուելով մերօրեայ «Զարթօնք»ին մասին, շեշտեցինք, որ ան իր անառօրեայ թիւերով եւ իր բացառիկով ցոյց կու տայ թէ «Ալեհեր» 80 ամեայ «Զարթօնք»-ը միշտ երիտասարդ է եւ հակառակ յոռետեսներու կարծիքին, ելեկտրոնային տարբերակով օրաթերթը այսօր հազարաւոր  ընթերցողներ ունի աշխարհի չորս ծագերուն:

2C5A0961

Հանդիպման վերջին մասով միշտ համեստ, հայ գրականութեան եւ մշակութային անվերադարձ նուիրուած մտաւորական Սարգիս Փոշօղլեանին, «Զարթօնք»-ի խմբագրութեան որոշմամբ,  յանձնուեցաւ Մկրտիչ Մսըրլեան մեծ երախտաւորին անուան մրցանակը, որպէս արժանաւոր  աշխատակից եւ «բեղուն գրիչ» 2016 տարուան, ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ դոկտ. Զաւէն Մսըրեանի:

2C5A0952 (1)

Արարողութեան աւարտին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ժպտադէմ Սարգիս Փօշողլեան, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց «Զարթօնք»-ին, խոստանալով շարունակել իր առաքելութիւնը, որպէս հայ մամուլի եւ գրականութեան նուիրեալ:

Աւարտին, բոլորը հրաւիրուեցան «հայկական» ջերմ հիւրասիրութեան, միտքերու փոխանակումով, միաժամանակ շնորհաւորելով օրուան մրցանակակիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին