*ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի զոհերէն՝ Տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեանի երէց որդին էր Տոքթ. Հրայր Մկրտիչ Սրապեանը, որ մեզմէ բաժնուեցաւ 2017-ի Հայկական Սուրբ Ծնունդի առաւօտը, իր ետին թողելով սիրելի ազգականներ եւ բարեկամներ: Եգիպտոսի Պետական Համալսարանի Բժշկական Դպրոցէն շրջանաւարտ, 1959-ին, երիտասարդ Հրայր Սրապեանը Իռլանտա կը մեկնի մասնագիտանալու համար վիրաբուժութեան եւ մարմինի թմրագիտութեան մէջ: Ան կը գործէ իբրեւ բժիշկ Հոլանտայի եւ ապա Լիբանանի մէջ մինչեւ 2008 թուականը:
Թէեւ Տոքթոր Սրապեանի կեանքի ասպարէզը եղած է բժշկութիւնը, ան շատ մօտէն հետաքրքրուած է Հայոց ազգային հարցերով, Հայոց եւ Միջազգային Պատմութեամբ: Յարատեւ կարդացող մըն էր ան: Տոքթ. Հրայր Սրապեան իր տեսակէտները կը բաժնէր բարեկամներու հետ երկար զրոյցներու ընթացքին: Սրապեան կը հաւատար, որ զինեալ պայքարով կարելի է Հայկական հարցին լուծում գտնել առանց բացառելու անշուշտ դիւանագիտական գործունէութիւնը: Ան կը զմայլէր Անդրանիկի, Դրոյի եւ Նժդեհի գործունէութեան եւ նուիրուածութեան վրայ: Յաճախ կը յիշեր Արշաւիր Շիրակեանն ու միւս հերոսները, որոնք արդար ձեռքերով զգետնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու պարագլուխ բորենիները:
Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ Տոքթ. Հրայր Սրապեանի խորունկ հետաքրքրութեան աղբիւրը անոր հայրն էր՝ Տոքթ.-ատամնաբոյժ Յովհաննէս Յակոբ Սրապեանը: Վերջինս Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը ծնած էր, աւարտած՝ Եփրատ Գոլէճը եւ 1915 ամառը Հայոց Գողգոթայի ճանապարհէն յաջող կերպով փախուստ տուած ու անցած էր Պէյրութ, ուր մտած էր Սուրիական Բողոքական Գոլէճի (ներկայիս՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան) Բժշկական Դպրոցը եւ վկայուած իբրեւ ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ: Յովհաննէս բռնագաղթի իր յուշերը գրի առած էր փոքր տետրակներու մէջ եւ բերանացի ալ պատմած էր իր զաւակներուն: Հրայր փոքր հասակէն լսելով իր հօր եւ համայն հայոց ոդիսականը, զայրոյթով լեցուած էր եւ յաճախ իր ընդվզումը կը յայտնէր: Հրայր իր հօր խոստացած էր անոր յուշերը հրատարակել գրքոյկով մը, որուն պատրաստութեան համար ան տքնեցաւ իր կեանքին վերջին տարիները: Հրայր Սրապեան մեկնեցաւ այս Աշխարհէն, երբ տակաւին իր հօր յուշեըը չէին հրատարակուած, սակայն գրեթէ վերջնական կազմի մը մէջ դրուած էին: Այդ գիրքը՝ «Թուրքիոյ Գենէն Տարագրութիւն, Յուշք Նամականի» շուտով լոյս կը տեսնէ:
Տոքթ. Հրայր Սրապեանի մեկնումը իր բարեկամական եւ ազգականական շրջանակին մէջ մեծ բացութիւն մը թողուց:
Հանգիստ նինջ յարգելի եւ շատ սիրելի Տոքթ. Հրայր Սրապեան:
***
Նշենք, որ Տոքթ. Սրապեանի հոգւոյն հանգիստի աղօթքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 12 Փետրուար 2017-ին Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի:
«Խմբ.»