Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Թուրքիան Մտահոգ է Թրամփի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Թուրքիոյ Դէմ Իբրեւ Մահակ Օգտագործելէն

Թուրքիոյ քաղաքական հասարակական եւ մամուլի շրջանակներու մէջ քննարկումներ կ’ընթանան, թէ ինչ սպասելիքներ կարելի է ունենալ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփէն:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Habereser» լրատուական կայքը առանձնացուցած է շարք մը խնդիրներ, որոնք այժմ առանցքային դեր ունին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Կը նշուի, որ երբ Թրամփը յաղթեց ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը բարձրաձայնած է ԱՄՆ-ի հետ կապուած հիմնական խնդրայարոյց հարցերու մասին:

Մասնաւորապէս ամերիկաբնակ միլիառատէր եւ իսլամի քարոզիչ յայտնի քարոզիչ Ֆեթթուլահ Կիւլենի արտայանձման հարցը, ԱՄՆ-ի կողմէն Սուրիոյ քրտական ուժերուն չաջակցելու հարցը: Աղբիւրը հարցադրում կը կատարէ, թէ արդեօ՞ք Թրամփը պիտի հրաժարի «Միացեալ քրտական պետութիւն ստեղծելու» մտքէն, ինչպէս նաեւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) աջակցելէն:  Եւ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ ԱՄՆ կողմ չըլլայ թուրք-քրտական բանակցութիւններուն:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին` թրքական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ դեռ անյայտ է, եթէ Թրամփի նախագահութեան օրօք ԱՄՆ պիտի հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ մահակ օգտագործելէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին