Մեծ էր բաւարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին ընդառաջ Ամմանի մէջ գործող Յանձնախումբի անդամներուն, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ փոխանցուած շնորհակալագիրներու տուուչութեան համար կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին:
«Հայերն այսօր»-ին տեղեկացմամբ, Ամմանի Յանձնախումբի Ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան, հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշ. 19 Յունուար 2017-ին Յորդանանահայ գաղութի ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Հոգեշ. Տէր Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի, եւ Դամասկոսէն Երկիրս գտնուող Հ. Հանրապետութեան Մեծարգոյ Հիւպատոս Պրն. Վազգէն Խանջեանի:
Հանդիսութեան յայտագիրը կ’ընդգրկէր
- Բացման խօսք Վարժարանիս Փոխ Տնօրէնուհի Տիկ. Ռաքէլ Մարգարեանի կողմէ,
- Խմբերգներ «Ով մեծասքանչ դու լեզու» եւ «Հայաստան», եւ խմբային պարեր վարժարանիս աշակերտութեան կողմէ.
- Արտասանութիւն Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը Կարէն Հերտէմեանի կատարմամբ.
- Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» Ժանէթ Մենէշեանի կատարմամբ.
- Խմբերգներ Վարդավառ երգչախումբի կատարմամբ, ղեկավարութեամբ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի.
- Երեւանի Օրնհներգ «Երեւան – Էրեբունի» ԽօսքՊարոյր Սեւակի եւ երաժշտութիւն`Էդգար Յովհաննիսեանի.
- «Զար – Զընգը» Կոմիտաս
«Հայաստան Երկիր Հայրենի»
Խօսք եւ երաժշտութիւն Վարդուհի Թորոյեան Ներսէսեանի
- Ասմունք «Սասունցիներու Պարը» – Գէորգ Էմին, Յակոբ Յակոբեանի կատարմամբ.
- «Զեկոյց – Ներկայացում / Սալիկներով» Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Յանձնախումբի գործունէութեանց մասին, Մարալ Ներսէսեանի պատրաստութեամբ.
- «Օրուան պատշաճ շնորհաւորական խօսքեր» ՀՀ Մեծարգոյ Հիւպատոս Պրն. Վազգէն Խանջեանի կողմէ:
- Շնորհալագիրներու Տուուչութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին ընդառաջ գործող Յանձնախումբի անդամներուն, Հոգեշն. Հայր Սուրբին, Մեծարգոյ Վազգէն Խանջեանի եւ ՀՀ Նորանշանակ Յորդանանահայ Հիւպատոս Մեծարգոյ Պրն. Արթուր Սքլճեանի կողմէ:
- «Փակման Խօսք» եւ «Պահպանիչ» Հոգեշն. Հօր կողմէ:
Հոգեշն. Հայրը մեծապէս գնահատեց Սփիւռքի Նախարարութեան այս տիպար, պատկառելի եւ նրբազգաց վերաբերմունքը, զորս անդամները ապրեցան շոյանքի եւ ազգային հպարտութեամբ տոգորուելու խոր զգացումներով:
Սոյն ձեռնարկը հանդիսացաւ Հոգեշ. Տէր Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի Յորդանանի առաջին ձեռնարկը՝, Պատրիարքական Փոխանորդ նշանակուելու բարեբաստիկ առիթով:
Անկասկած, որ յանձնախումբիս անդամները միշտ երախտապարտ գտնուած են Սփիւռքի Նախարարութեան պաշտօնէութեան անվերապահ եւ անշեղ նուիրումին, որոնք եղած են դասալից եւ օրինակելի մեր իւրաքանչիւր անդամի ազգասիրութեան վեհ նպատակին:
Ձեռնարկին աւարտին Օր. Մարալ Ներսէսեան բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց հետեւեալ հարցերուն շուրջ.
- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը և դատապարտումը կը շարունակուի առաջնայինը մնալ մեր աշխատանքային ծիրին մէջ:
- 2017-ը յայտարարուած է «Արցախի տարի»: «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» լոզունգը պիտի ծառայէ ի նպաստ Հայրենիք – Արցախ – եւ Սփիւռք Միասնականութեան:
- 2017 թուականին կը լրանայ Հայոց ազգային բանակի կազմաւորման 25-ամեայ յոբելեանը: կը Խնդրուի 2017թ. ընթացքին կազմակերպել ձեռնարկներ այս յիշարժան տարեդարձին առիթով:
- Առաջնահերթութիւններէն է նաեւ մայրենի լեզուի պահպանումը, Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ մասնագիտական ցանցերու ստեղծումը:
Երեկոյի աւարտին յորդանանահայ համայնքը միացան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Դու ինչ կ’ընես Արցախի համար համահայկական շարժման, խոստանալով իրենց աջակցութիւնը բերել սրբազան նպատակի իրականացման համար: