Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Տարեկան Տնօրհնէք

*ՌՈԲԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏեԱՆ*

 

Ամէն տարի մեր վարժարանը կը ժամանէ ԱՄՆ-ի արեւելեան շրջանի, Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպրսկոպոս Պարսամեանը՝ օրհնելու մեր հայ ուսումնական օճախը ։ Տնօրհնէքը մեր աւանդոյթներէն մէկն է, որ ամէն տարի կը կատարուի մեր վարժարանին մէջ,- ըսաւ մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեանը։ Յունուարի 19-ին, վարժարան ժամանեց Սրբազանը՝ սարկաւագներ Նարեկ Կարապետեանի եւ Էրիկ Վոզի ուղեկցութեամբ։ Սրբազան Հայրը շարք մը հարցերով դիմեց երեխաներուն, որոնց պատասխանները գոհացուցիչ էին։ Սրբազանը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ.– Հետեւաբար այսօր, այս տնօրհնէքի արարողութեամբ մենք կրկին պէտք է օրհնենք Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը, որպէսզի Աստուծոյ օրհնանաքով իր առաքելութիւնը շարունակէ։ Խնկարկելէ յետոյ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւը։ Օրհնուեցան՝ հացը, ջուրը եւ աղը։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ տէր Աբրահամ քհն. Մալխասեանը, հոգաբարձու՝ Նուրհան Ատարեանը։ Շնորհակալական խօսք ըսաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Սեդա Մկրեան – Դաւիթեանը ։

DSC_7294

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ։ Ներկաները ջերմութեամբ ընդունեցին Էնտրիս Կորկիսեանին, որ մեծ յաջողութեամբ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Ես նայում եմ․․» բանաստեղծութիւնը ։

Տնօրհնէքի արարողութիւնը աւարտեցաւ 5–րդ դասարանի աշակերտ Արմէն Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքով, որ իր եւ աւարտական աշակերտներու անունով ըսաւ․- Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր՝ վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ մասնաւորաբար մեր եւ աւարտական դասարանին անունով երախտագիտօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ ամէն տարի անձամբ Ձեր Օրհնութիւնը կու տաք մեզի եւ մեր Տունը կ’օրհնէք։ Մեր տնօրէնուհի տիկին Սեդային եւ տիկին Պօղոսեանին միանալով մենք ալ կը շնորհաւորենք Ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ՝ մաղթելով երկար եւ արեւշատ տարիներ։ Ուրիշ ուրախ լուր մըն ալ ունինք ձեզի տալու։ Այս տարի մեր վարժարանը կը տօնէ իր 50-ամեակը։ Կէս դար մը ամբողջ հայ մանուկներ այս վարժարանէն սորված են Մայրենի լեզուն եւ աւելի եւս կապուած են Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր հարուստ ժառանգութեան։

DSC_7322

Արարողութենէն յետոյ Սրբազանը, աշակետներու եւ հիւրերի հետ նստեցաւ սուրճի սեղանին շուրջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին