*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*
Կիրակի 1 Յունուար, 2017-ին, Ամանորի առաջին օրը, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, ուր կը մնար 1978 թուականէն ի վեր, իսրայէլեան իշխանութիւնները զինք հեռացուցած ըլլալով պաղեստինեան հողերէն, վախճանեցաւ Արքեպիսկոպոս Հիլարիոն Քապուժին։ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս զինք որակեց «Մեծ պայքարող», լրատու պաշտօնական գործակալութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։
«Արքեպիսկոպոս Հիլարիոնի շիջումը մեծ յուզում ձգեց իւրաքանչիւր պաղեստինցիի սրտին մէջ, նկատի առնելով անոր պայքարով հարուստ ուղին եւ ազգային կեցուածքները, որոնց կառչած մնաց Արքեպիսկոպոսը՝ պաղեստինցի ժողովուրդն ու պաղեստինեան հարցը պաշտպանելու ընդմէջէն», կ’ըսուի պաղեստինեան կառավարութեան անունով պաշտօնական խօսնակի հաղորդագրութեան մէջ։
Նմանապէս, Ապպասի գլխաւորած Ֆաթըհ շարժումը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ Քապուժի Արքեպիսկոպոսը իր ղեկավարներէն մէկն էր։ Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի. «Ամենայն հպարտութեամբ պաղեստինցի ժողովուրդին, արաբ ազգին եւ աշխարհի ազատատենչներուն կը գուժենք վախճանումը հերոս ղեկավար Քապուժի Արքեպիսկոպոսին, որ իր կեանքը անցուց իբրեւ իսկական ֆետայի, պայքարող եւ պաշտպան պաղեստինցի ժողովուրդին՝ ամրօրէն կառչած մնալով Երուսաղէմի արաբականութեան»։
Իր կարգին, Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ մը Թուիթըրի վրայ գրեց, թէ «Արքեպիսկոպոս Քապուժիի մեկնումով՝ Պաղեստինը կը կորսնցնէ մեծ պայքարող մը, որ կանգնեցաւ մեր ժողովուրդի եւ անոր արդար իրաւունքներու կողքին՝ սուղ գին մը վճարելով իր քաջարի կեցուածքներուն համար»։
Այս առիթով կը յիշուի, որ Հիլարիոն Քապուժի Արքեպիսկոպոսը ծնած էր Հալէպի մէջ, Սուրիա, 1922 թուականին, եւ Երուսաղէմ քաղաքի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդն էր 1965 թուականէն ի վեր։
Պաղեստինեան մամլոյ գործակալութիւնը յայտնեց, թէ «իսրայէլեան գրաւման իշխանութիւնները 1974 թուականին ձերբակալեցին Քապուժի Արքեպիսկոպոսը եւ 12 տարուան բանտարկութեան վճիռ արձակեցին անոր դէմ։ Ան Պաղեստինէն աքսորուեցաւ 1978 թուականին եւ մինչեւ իրվախճանումը ապրեցաւ իր աքսորավայրին՝ Հռոմ քաղաքին մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը Լիբանանի Մէջ
Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2017-ին, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Կրեկորիոս Գ. Լահհամ, Ռապուէի Սայիտտէթ Պշարա եկեղեցիին մէջ գլխաւորեց համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխ նախագահ, Երուսաղէմի նախկին Առաջնորդ Հիլարիոն Քապուժիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աաունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ՝ նախարար Սելիմ Ժըրէյսաթին, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Միշէլ Մուսան, Մարոնիթ համայնքի Պշարա Ռայիի ներկայացուցիչ՝ եպիսկոպոս Սամիր Մազլումը, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մօտ պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քերիմ Ալին, պապական նուիրակ, գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիոն, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւորականներ եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։
Արքեպիսկոպոս Լահհամ յուղարկաւորութեան ժամանակ ըսաւ, թէ «Քապուժիի նմաններուն կարիքը ունինք պաղեստինեան դատը անկեղծօրէն պաշտպանելու համար»։
Իսկ նախարար Ժըրէյսաթի՝ նախագահ Աաունի անունով՝ Քապուժի Արքեպիսկոպոսի դագաղին զետեղեց «Քոմոտոր» աստիճանի Մայրիներու ազգային շքանշան։