Երէկ երեկոյեան ներկայութեամբ «Զարթօնք»-ի պատասխանատուներուն եւ բարեկամներուն՝ մեկնարկը կատարուեցաւ «Զարթօնք»-ի 80 Ամեակի ձեռնարկներուն, որուն ընթացքին ընկեր Սեւակ Յակոբեան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Զարթօնք»-ի նոր ծրագիրները ընդհանրապէս եւ 80 Ամեակի առիթով տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկները մասնաւորաբար: Եզրակացնելով ընկեր Յակոբեան ներկաներուն տեղեկացուց թէ. «Զարթօնք» իր Նոր Տարուայ Բացառիկ թիւը նուիրած է Արցախին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ անոր հասոյթը նուիրելով Արցախի Հայ զինուորներուն:
Ապա ընկեր Համօ Մոսկոֆեան ներկայացուց «Զարթօնք»-ի 2017-ի բացառիկը:
Հանդիպումը առիթ մըն էր պատուելու արժանաւոր մը: Արդարեւ երախտաւոր Մկրտիչ Մսըրլեանի անուան «Զարթօնք»-ի Բեղուն Գրիչի 2016 տարուան Մրցանակը ստացաւ «Զարթօնք»-ի աշխատակից Պրն. Սարգիս Փոշօղլեան, ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին եւ մեծ երախտաւորին զաւակին՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին: Աւարտին Պրն. Փոշօղլեան իր սրտի խօսքը արտասանեց ներկաներուն:
Մանրամասնութիւններուն կ’անդրադառնանք: