«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի Ամանորի խրախճանքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Դեկտ. 2016-ին, «Թէքէեան Կեդրոն»-էն ներս, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ: «Միրաք»-ի պատանի-ուսանողները միասնաբար խաղցան, պարեցին, նուէրներ եւ հիւրասիրութիւններ ստացան: Խրախճանքի սկիզբը «Միրաք»-ականներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն պրն. Արմէն Ծուլիկեան, որ շնորհաւորեց անդամներուն եւ վարչութեան Նոր Տարին, մաղթելով խաղաղ եւ երջանիկ տարի եւ որպէս պատգամ, իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան վրայ:
Խրախճանքին հիւրաբար ներկայ կը գտնուէր Հալէպի ընկերներէն` ընկ. Ռաֆֆի Յակոբեանը, որ քաջալերական նուրատուութիւն մը ըրաւ «Միրաք»-ին: Ամերիկաբնակ Վարդուհի եւ Սոնա Չէդէյեաններ, իրենց հարազատի՝ հանգուցեալ Պօղոս Գարատանայեանի յիշատակին, 350 տոլարի համարժէք, 75 անձի նախատեսուած շոքոլայի տօնական տուփեր նուիրեցին, որ տրամադրուած էր Ընկ. Ճորճ Տէմիրճեանի «Վիվալտի» շոքոլայի ընկերութեան կողմէ:
Սովորոյթի համաձայն, խրախճանքին, վիճակահանութեամբ յայտարարուեցաւ տարուան բախտաւոր «Միրաք»-ականը, վիճակը քաշելու պատիւը տրուեցաւ սրահէն ներս գնուող երիցագոյն ընկերոջ՝ Ընկ. Տիգրան Չալեանին եւ օրուան բախտաւոր ճանչցուեցաւ Բալիկ Հայրապետեանը, որ ստացաւ գեղեցիկ շոքոլայի սակառ մը, նոյնպէս տրամադրուած «Վիվալտի» շոքոլայի ընկերութեան կողմէ: Երկրորդ բախտաւոր ճանչցուեցաւ Վահէ Գալոյեանը, որ ստացաւ #SPORT խանութէն մարզական տարազ: Բացի օրուան բախտաւորէն, նուէրներ ստացան նաեւ խաղերուն առաջնութիւն շահող անդամները, որոնց նուէրները տրամադրուած էին Ընկ. Յակոբ Պըլըխեանի #SPORT մարզական հագուստի խանութ-սրահի կողմէ:
Բարձր եւ ուրախ տրամադրութիւններով փակելով տարին, «Միրաք»-ի մեծ ընտանիքի անդամները «Միրաք»-ին նորանոր նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ մաղթելէ ետք բաժնուեցան սրահէն:
2017-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման առաջին հաւաքը պիտի սկսի Յունուար 22-ին: