Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՌԱԿ Շուշան Վարդենի Ակումբի Ատենապետուհիին Խօսքը

Բարի եկած էք մեր տունը մեր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ միասնաբար տօնելու Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Ի՞նչ է Նոր Տարին սիրելիներ: Գիտականօրէն այն երկիր մոլորակին կատարելիք մէկ այլ 365 օրերու ամբողջական պտոյտի մը սկիզբն է արեւին շուրջ:

Մենք սակայն, որպէս գիտակից բնակիչները այս գեղեցիկ մոլորակին առիթը կը սեպենք մենք մեզի հաշուետու ըլլալու նախորդ տարուան մասին եւ ծրագրելու գալիքը: Նոր Տարուան այս հաշուետուութիւնը մեզի կը  դնէ նոր առաջադրանքներու առջեւ՝  չկրկնելու անցեալի թերութիւնները ու կերտելու աւելի գեղեցիկ ապագայ:

Կ’ապրինք արագ տեղեկութիւններու, համակարգիչներու, արբանեակներու, ժամանակակից գործիքներով Տիեզերքի գաղտնիքները յայտնաբերելու դար մը, որոնցմով կլանուած են մեր փոքրիկները, որոնց մենք մեծերս երբեմն ալ չենք հասկանար կամ դժուարութիւնը ունինք քայլ պահելու: Մենք կը հաւատանք գիտոււթեան, սակայն, գիտական այս առաջընթացի կողքին, կան անշուշտ ժխտական երեւոյթներ, որոնց զոհն են երիտասարդները ինչպես օրինակ՝ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը, բարոյական սայթաքումները, անհանդուրժելի բարքեր ու վաւաշոտ կենցաղ: Ուշադիր ըլլանք մեր զաւակներուն: Միշտ անոնց կողքին ըլլանք:

Եթէ անցեալ տարուան ընթացքին սխալներ գործած ենք, փորձենք չկրկնել զանոնք Նոր Տարուան ընթացքին, որպէսզի կամաց-կամաց ուժեղ դառնանք եւ ապահովենք մեր ընտանիքի ապագայի յաջողութիւնը:

4

Կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, յոյսով ու հաւատով լեցուինք, սպասելով որ գալիք օրը պիտի ըլլայ աւելի արեւոտ ու պայծառ, քանի որ մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին երբեք չէ յուսահատած, նոյնիսկ իր ամենածանր վիճակին մէջ, որովհետեւ միշտ իր հայեացքը ուղղած է ու հետեւած Բեթղեհէմի Աստղին:

Սուրբ Ծննդեան Տօնը մեզ բոլորիս թող ոսկեայ առիթ ըլլայ, որպէսզի սիրենք ու յարգենք զիրար եւ համերաշխութեամբ շարունակենք մեր կեանքը ու միշտ եւ ամէն անգամ յիշենք, որ եկեղեցին մեր ընտանիքն է ու մեր սիրտերը՝ Աստծու Խորանը:

Մաքրենք մեր հոգիները չարէն ու լեցուինք Յիսուս մանուկի սիրով, որպէսզի տարի մը եւս մեր կեանքի ճանապարհը լուսաւորուի:

Սորվեցնենք մեր զաւակներուն Յիսուս Քրիստոսի գծած ճշմարիտ ճանապարհը, մեր օրինակով ու մեր բարի գործերով:

5 (1)

Այս սրահին մէջ եւ աշխարհի ամէն կողմը բնակող ՌԱԿ Շուշան Վարդենի ակումբի սիրելի ընկերուհիներ, ընկերներ, բարեկամուհիներ եւ բարեկամներ, մեր ակումբին անունով  սրտանց եւ միշտ աղօթքով կու գանք անգամ մը եւս շնորհաւորելու ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՄԱՆՈՒԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ու Ձեր բոլորին ՆՈՐ 2017 ՏԱՐԻՆ: ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ ՅԻՍՈՒՍԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴՈՎ: Ուրախանանք միասին ու աղօթենք Մանուկ Յիսուսէն խնդրելով, որ Լիբանանին ու մեր Հայրենիքին պարգեւէ յաւերժական խաղաղութիւն ու ժողովուրդին աւելի եւս ուժ եւ կարողութիւն: Ուրախացէ’ք եւ մէկդ միւսին ողջունեցէ’ք. Ձեզի  մեզի մեծ աւետիս. «ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին