Տնտեսագէտ Աշոտ Եղիազարեանը կը կարծէ, որ զարգացած զբօսաշրջութիւն ունենալու համար պէտք է ունենալ զարգացած ենթակառուցուածքներ եւ պէտք է ըլլան ներդրումներ` թէ՛ տեղական, թէ՛ օտարերկրեայ:
Ըստ Tert.am-ի՝ համեմատական անցնելով Վրաստանի մէջ զբօսաշրջութեան աճին հետ, տնտեսագէտը ըսած է, որ Հայաստանը ենթակառուցուածքներու զարգացուածութեան եւ ներդրումներու իմաստով կը զիջի Վրաստանին, չհաշուած բնակլիմայական պայմանները, ծովի բացակայութեան խնդիրը:
«Զբօսաշրջութիւնը ունի տարբեր ուղղութիւններ, եւ ամէն մէկ երկիր ունի իր համեմատական առաւելութիւնները: Զբօսաշրջութիւնը զարգացման իբրեւ արդիւնք կրնայ ապահովել բաւականաչափ եկամուտներ: Ամէն մէկ երկիր իւրօրինակ է` Հայաստանը նոյնպէս ունի իր իւրօրինակութիւնները, առանձնայատկութիւնները, պարզապէս անոնք պէտք է ճիշդ օգտագործել»,- ըսած է ան եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ ոչ գրաւիչ պայմաններ են ներդրումներու առումով, որ ունի իր պատճառները:
Աշոտ Եղիազարեանը կը կարծէ, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու խնդիրը կապուած է առարկայական եւ ոչ առարկայական պատճառներու, որոնք փոխկապակցուած են: