Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հարցազրոյց՝ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Նախկին Կառավարիչ՝ Մկրտիչ Պուլտուքեանին Հետ

Զրուցեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Հրց. Վերջերս, երկրորդ տարին անընդմիշտ, մասնակցեցաք արաբական եւ միջազգային գիրքերու ցուցահանդէսին՝ Bieli  մէջ: Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւն տալ այդ մասին:

IMG_5210

 

Պտս. Ինչպէս նախորդ տարին, այս տարին ալ մասնակցութիւնս կարելի դարձաւ։ Ինծի տրամադրած էին գիրքեր ցուցադրելու կրպակ մը, Տ-13, ուր կարողացայ հրատարակած բոլոր գիրքերս հրամցնել այցելուներուն, հանրութեան: Առաւել այլ գիրքեր, որոնք հայկական շունչ ունէին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերող պատմական հարցեր կը շօշափէին: Առաւել եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ հրատարակութիւններ տրամադրած էր: Ուրախ եմ ըսելու, որ հայկական գիրքեր վաճառեցինք արաբական ցուցահանդէսի մը մէջ…: Այսպիսի կարեւոր մշակութային իրադարձութեան մը մասնակցելուս պատճառներէն մէկը՝ իմ գիրքերուս շնորհահանդէսներն էին: Մէկը՝ նամակագրական դրամատնային շրջանառութեան ղեկավարումը (The Management of Correspondent Bankking-անգլերէն), միւսն ալ Օսմանեան կայսրութեան հայ լումայափոխներու պատմութեան մասին արաբերէնով գիրքս էր: Ուրախ եմ ըսելու որ անգլերէն գիրքիս երկրորդ հրատարակութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 3 – 4 տարի առաջ: Այն ժամանակ հիւրաբար ներկայ եղող ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի ձեռքը պատիւն ունեցայ սեղմելու: Ան մեծ ուրախութեամբ ընդունեց մակագրած գիրքս: Մինչ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ներկայ եղողները գլխաւորաբար դրամատնային գործերով զբաղող անձնաւորութիւններ էին: Անոնց մէջ էր Լիբանանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչին ներկայացուցիչ, Տոքթ. Փիէռ Քանաան, որ կը ներկայացնէ օրէնսդրական մասնաբաժինի տնօրէնութիւնը: Նաեւ բազմաթիւ ֆինանսական աշխարհի դէմքեր: Յիշեցնեմ, որ նամակագրական դրամատնային գործարքներուն նուիրուած գիրքը (Management of Correspondance Bakery) ներկայացուցած էր Սինկափուրի Սայպաս, ցուցահանդէսին, իտալացի մասնագէտներուն կողմէ յորջորջուեցաւ որպէս «Աստուածաշունչ» թղթակցական դրամատնային գործունէութեանց…

IMG_5290

Նաեւ ներկայացուցած էին 9×9 մեթր քառակուսի տարածքը: Շրջափակին մէջ ցուցադրուած էին շարժական տեսահոլովակներ, որոնք կը ներկայացնէին գիրքերս, բոլոր մանրամասներով:

IMG_5217

14 օրուայ վրայ երկարող այդ ցուցահանդէսին, հակառակ որ եղանակը փոթորկոտ էր, կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել զայն:

Նշենք, որ հեղինակաւոր «Գրատուն Անթուան»ի պատասխանատու մը յայտնեց, որ բոլոր գիրքերս կ՛ուզեն վաճառել իրենց մօտ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին