Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Զրոյց Լիբանանի Պետական Երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի Հետ

*Զրուցեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Հրց. Պրն. Չինչինեան, 2016 թուականը ճակատագրական եղաւ Լիբանանի համար, երբ ի վերջոյ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ յանձինս Զօր. Միշէլ Աուն եւ կազմուեցաւ կառավարութիւն՝ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, ինչպէ՞ս կը տեսնէք իրավիճակը 2017-ի նախօրեակին:

Պտս. Մեծ ուրախութեամբ ընդունեցինք նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ որպէս Զահլէի «պլօք» եւ անհատ, կարեւոր դեր խաղացինք այդ իրադարձութեան մէջ: 2,5 տարի շարունակ շատ մը երեսփոխաններ, որոնք ներկայ չէին ըլլար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, այս անգամ միասնաբար (հակառակ կարգ մը «մանկական» դրսեւորումներու…) հասան երկրի փրկութեան անփոխարինելի քայլին՝ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: Մենք լրջութեամբ կը մօտենայինք հարցին, քաջ գիտնալով որ Լիբանանը իր պատմութեան ամէնէն վճռորոշ ժամանակները կ’ապրէր…: Կարելի չէր ոչ մէկ նշանակում, դեսպաններու հաւատարմագրելու յանձնում, պետական թէ դիւանագիտական որոշում կայացնել առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

Այսօր արդէն իսկ յաղթահարեցինք ճգնաժամը եւ հպարտօրէն կրնանք ըսել թէ նախագահ ունինք: Այս բոլորը տեղի ունեցան 2017-ի թեւակոխելէ առաջ՝առանց նոր ձգձգումներու:

Ուրախ եմ, որ նոր կառավարութեան մէջ նաեւ նոր դէմքեր մաս կազմեցին: Նոր երիտասարդ, տաղանդաւոր ուժեր, ինչպէս կրնամ նշել «լիբանանեան Ուժեր»ու նորընտիր նախարարները: Լուրջ ջանքեր կը թափուին որպէսզի անոնց գործունէութիւնը նոյնպէս բարելաւուի նախարարներու գործնական հանդիպումներու ընթացքին, որպէսզի աշխատանքները ընթանան արդիւնաւէտ, պատասխանատու եւ լուրջ ճամբով:

Հրց. Ի՞նչ խօսք ունիք փոխանցելիք յուսատու 2017-ի սեմին:

Պտս. Պէտք է նախ յիշեցնեմ, թէ ներկայ կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել եւ կայացնելն է: Յուսանք ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ համաձայնութեան հասնին եւ ընտրութիւններ տեղի ունենան ըստ ժողովրդավարական կարգերու: Կը սպասենք որ կառավարութիւնը ուրիշ թղթածրարներ ալ կարգաւորէ, որոնք տարիներէ ի վեր ձգձգուած են. ելեկտրականութիւն, հեռաձայներ…եւ այլն:

Գալով լիբանանահայերուն, կը մաղթեմ որ աւելի գործակցին իրարու հետ: Մենք շատ առիթներ փախցուցինք, ինչպէս Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման Ապրիլ 24-ի օրը բոլորս միաբան ենք ու կը սպասենք որ նորէն ալ շարունակուի տարուան միցեալ օրերուն…: Գաղութը կարօտ է լուրջ աշխատանքի ու ծրագրաւորման, նոր սերունդ պատրաստելու նոր փոփոխութեանց, եթէ Լիբանան պիտի մնանք եւ դառնանք այս երկրին կարեւոր գործոններէն մէկը: Ինչպէս որ ժամանակին արդարադատութեան եւ ֆինանսներու նախարարութիւնները ձեռք կը բերէինք, այնպէս ալ միասնական աշխատանով կրնանք դառնալ Լիբանանի կառավարութեան եւ երկրին հիմնական անկիւնաքարերէն մէկը, ինչպէս անցեալին, նաեւ 2017-ին ու յետագայ տարիներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին