Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հալէպի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Տիգրան Գէորգեանը

Երկուշաբթի առաւօտ, 26 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի ՀիւպատոսՏիգրան Գէորգեանը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Պրն. Հիւպատոսին, որ Սուրիական տագնապի տարիներուն մնաց Հալէպի մէջ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւնը կատարեց, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ սերտ կապեր հաստատեց յատկապէս Հալէպի մեր համայնքի հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ։

Հիւպատոսը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան, մասնաւորաբար Հալէպի պարզած ներկայ կացութեան մասին՝ իր բոլոր երեսներով։

Ողջունելով Հալէպ քաղաքէն ներս վերահաստատուած անդորրութիւնը, Հայոց Հայրապետը յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ եւ մօտէն կը հետեւի ընդհանրապէս Սուրիայէն ու յատկապէս Հալէպէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Այս առիթով ան նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ Սփիւռքի գաղութներուն՝ ցուցաբերած օժանդակութեանց եւ զօրակցութեան համար։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին