ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց, խումբ մը երիտասարդներ ծաղիկներ խոնարհած են Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) Սեւ ծովուն մէջ կործանուած Տու-154 ռազմական օդանաւի զոհերուն յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
Երիտասարդները նաեւ մոմեր վառած են զոհերու յիշատակին` մեկնաբանելով զայն իբրեւ անմար փոքրիկ կրակ:
ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Արուսեակ Յակոբեան նշած է, թէ իրենք եկած են քաղաքացիական եւ մարդկային ցաւակցութիւն յայտնելու կորուստ կրած ընտանիքներուն, որոնց անդամները կը թռչէին մարդասիրական աշխատանք իրականացնելու համար: «Ուղեւորներուն մէջ ոչ միայն երաժիշտներ էին, այլ նաեւ՝ բժիշկներ, որոնք այսքան տարի զբաղած են մարդասիրական աշխատանքով, մարդոց օգնած են, բուժած, բայց, ցաւօք, դարձած են դժբախտ պատահարի մասնակից: Այս իրադարձութիւնը երկար տարիներ պիտի մնայ պատմութեան գրկին եւ մեր բոլորի յիշողութիւններուն մէջ»,- ըսած է Արուսեակ Յակոբեան:
Յիշատակը յարգելու արարողութենէն ետք՝ մասնակիցները բարձրացած են դեսպանատուն` ցաւակցութիւններու համար նախատեսուած գիրքին մէջ արձանագրութիւն կատարելու: