Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Կործանուած Ռուսական Օդանաւին Մէջ 2 Հայ Կար

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանով Դեկտեմբեր 26-ը յայտարարուած էր սգոյ օր` ռուսական Ту -154 օդանաւի կործանման համար:

«Օդանաւի վթարին հետեւանքով բազմաթիւ մարդիկ մահացած են: Արտայայտելով իմ խորին վիշտը եւ ցաւակցելով զոհերու հարազատներուն ու մտերիմներուն` Դեկտեմբեր 26-ը կը յայտարարեմ սգոյ օր Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ»,- ըսուած ՌԴ նախագահի հրամանին մէջ, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով ՌԻԱ նովոսթի գործակալութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 25-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող Ту-154 օդանաւը, որ Սոչիէն կ՛ուղեւորուէր դէպի Սուրիա, անհետացած էր ռատիոտեղակայանքի (radar) տեսադաշտէն եւ ինկած Սեւ ծով: Օդանաւը անհետացած է անմիջապէս թռիչքէն ետք: Օդանաւին մէջ եղած է 92 անձեր` 83-ը ուղեւորներ, որոնք՝ հիմնականօրէն Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ, որոնք կ՛երթային Սուրիոյ ռազմակայան` շնորհաւորելու ՌԴ զինուած ուժերուն Ամանորը: Բացի այդ, կործանուած օդանաւին մէջ եղած են նաեւ ինը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչ:

НТВ հեռուստաալիքը աւելի առաջ հրապարակած է Սոչիի մէջ կործանուած Ту-154 օդանաւին մէջ գտնուող ուղեւորներուն անունները, անոնց մէջ է նաեւ հայկական ազգանունով երկու ուղեւոր` Գէորգեան Յովհաննէս Պետրոսի եւ Վահանով. Ա. Ի.: Վահանովը եղած է ուղեկցող անձնակազմի անդամ, իսկ Գէորգիեանը Ալեքսանդրովի անուան երաժշտական անսամպլի անդամ էր:

Նախնական տուեալներուն համաձայն` ողջ մնացածները կործանման վայրին մէջ չկան: Որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին: ՌԴ փոխադրամիջոցներու նախարարութենէն յայտնած են, որ զոհերու մարմիններուն ճանաչման գործընթացը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին