Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

Հաճոյքն ունինք տեղեկացնելու թէ ՓԹԻԹ-ի Application-ը ՓԹԻԹPTIT , հրապարակուած է եւ կարելի է զայն անվճար ներբեռնել  Play Store-էն կամ App Store-էն։

ՓԹԻԹ-ի Application-ին մէջ շեշտը դրուած է զանազան բնոյթի խաղերու վրայ, որոնք ունին երկու մակարդակ՝ դիւրին եւ դժուար, որպէսզի հայ մանուկը կամ պատանին կարելիութիւնը ունենայ ընտրելու, իր տարիքին կամ կարողութեան համաձայն, նախընտրած մակարդակը։ Բնականաբար Application-ն մէջ խաղերը օժտուած են լսատեսողական արդիական հնարքներով։

Առակներ

Բառ նկար խաղ

Բուրգի խաղ

Հաճոյքով կը տեղեկացնենք նաեւ, թէ ՓԹԻԹ-ի կայքը www.e-ptit.com, որ շուրջ տարի մը առաջ մեկնարկած էր, մեծապէս բարեփոխուեցաւ եւ դարձաւ առաւել ակնահաճոյ եւ օժտուեցաւ  ձայնային եւ տեսողական յաւելեալ հնարքներով եւ անշուշտ հարստացաւ նոր նիւթերով ու խաղերով ութը հերթական թարմացումէ (update) ետք։ ՓԹԻԹ-ի կայքին մեկնարկը կատարուած էր 2015 Նոյեմբերին եւ ըստ վիճակագրական տուեալներու ցարդ ունեցած է շուրջ 6700 այցելու։

ՓԹԻԹ-ի Application-ը, Փթիթ-ի կայքին նման, ֆինանսաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւն

 

Պահուած բառի խաղ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին