Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկի նախագծած կայանքները արդէն ծառայութիւն կ՛իրականացնեն Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն մէջ` հակազդելով հակառակորդի անօդաչու թռչող սարքերուն (ԱԹՍ):
Ապրիլ 12-ին «Մետիամաքս»-ը հաղորդած էր, որ Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկը կ՛աշխատի ԶՈՒ-ի համար յատուկ ռատիոտեղորոշիչ կայան մշակելու ուղղութեամբ, որ պիտի հաստատէ շփման գիծը կամ պետական սահմանը հատած ԱԹՍ-ները:
Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն, արհետսագիտական գիտութիւններու դոկտոր Մհեր Մարկոսեան «Մետիամաքս»-ին յայտնած է, որ այսօր արդէն կայանքները ծառայութիւն կ՛իրականացնեն ԶՈՒ ստորաբաժանումներուն մէջ:
«Մեր ստեղծած՝ տեղը հաստատող համակարգերը կրնան «տեսնել» եւ ուղեկցիլ հակառակորդի ԱԹՍ-ներուն` տալով անոնց գտնուելու եւ ընթացքի ճշգրիտ գնտուելու վայրը մինչեւ 20 քմ․հեռաւորութեան վրայ», – ըսած է ան:
Մհեր Մարկոսեանի խօսքով` հիմնարկի գիտական անձնակազմը կը համագործակցի քանի մը այլ ընկերութիւններու հետ եւ այդ համագործակցութեան արդիւնքով շուտով պիտի ստեղծուին նոր համակարգեր: