Արցախի Ազգային ժողովը 27 կողմ եւ 3 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց 2017 թուականի ԼՂՀ պետական պիւտճէն:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ, Հանրապետութեան գալիք տարուան ֆինանսական գլխաւոր փաստաթուղթի վերաբերեալ նախ լսուած են խորհրդարանական խմբակցութիւններու տեսակէտները, այնուհետեւ դրուած է քուէարկութեան: 2017 թուականի ԼՂՀ պետական պիւտճէն ընդունուած է 27 կողմ, 3 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Դէմ քուէարկած են «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները:
Նշենք, որ 2017-ի ԼՂՀ պետական պիւտճէի ծաւալները աճած են 2016-ի համեմատ եւ 88 միլիառ 628 միլիոն դրամի փոխարէն ծախսային մասը յաջորդ տարի պիտի կազմէ 94 միլիառ 432 միլիոն դրամ: